ԱՄԵՆ.Ս.ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԽԱՌՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 27 Յունիս 2005 Երկուշաբթի ժամը 18.00-ին նախագահեց իր խորհրդականներուն եւ Իրաւաբանական Խորհուրդի անդամներուն խառն նիստին։ Խորհրդակցութեան օրակարգի գլխաւոր նիւթն էր Յովհաննէս Կիւմիւշեան կտակի իրաւական կարգավիճակը։…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԱԶԳԱՅԻՆ ԹԱՏՐՈՆԻ ՊԱՏՈՒԻՐԱԿՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 12 Յունիս 2005 Կիրակի ժամը 16.00-ին ընդունեց Ալեքսանդր Սպենդիարեանի անուան Օփերայի եւՊալէի Հայաստանի Ազգային Ակադեմական Թատրոնի տնօրէն՝ ԿամօՅովհաննիսեանի գլխաւորած պատուիրակութիւնը։ Պատուիրակութեան կ՚ընկերանար Հայաստանի ՀանրապետութեանՄշակոյթի Փոխ-Նախարար…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐՆ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՓՈԽ-ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Հայաստանի Հանրապետութեան Մշակոյթի Փոխ-Նախարար Տքթ.Գագիկ Մանասեան 11 Յունիս 2005 Շաբաթ առաւօտքաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Ազգային Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Տքթ.Մանասեանին կ՚ընկերանար Հայաստանի Ազգային ԱկադեմիայէնՏքթ. Արայիկ Սարգսեան։…

ԿԱՐՄԻՐ ՄԱՀԻԿԻ 137-ՐԴ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ

Թրքական Կարմիր Մահիկի հիմնադրութեան 137-րդ տարեդարձիտօնակատարութիւնը շքեղ ընդունելութեամբ մը տեղի ունեցաւՏոլմապահչէ պալատի պարտէզներուն մէջ, ուր ներկայ էին ՆերքինԳործոց Նախարար Ապտիւլքատիր Աքսու, Պետական ԳանձիՆախարար Քէմալ Ունաքըթան, Ստանպուլի Կուսակալ ՄուամմէրԿիւլէր, Ստանպուլի Ապահովութեան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ «ՉԻՆԻԼԻ ՔԷՕՇՔ»Ի ԲԱՑՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Վերանորոգութեան աշխանաքներն աւարտած ըլլալով, Ֆաթիհ Սուլթան Մէհմէտի կողմէ 15-րդ դարուն կառուցուած Յախճակապաւոր Ապարանքը (Չինիլի Քէօշք) յատուկ արարողութեամբ վերաբացուեցաւՄշակոյթի եւ Զբօսաշրջութեան Նախարար՝ Աթիլլա Քօչի ձեռամբ, 10 Յունիս 2005 Ուրբաթ երեկոյեան ժամերուն։…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԵՂԱՒ ՓՈՂՈՑԻ ՏՂՈՑ ՀԱՄԱՐ ՍԱՐՔՈՒԱԾ ԵՐԵԿՈՅԹԻՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 9 Յունիս 2005 Հինգշաբթի ժամը 20.30-ին ներկայ եղաւ Մաչքայի Սուիսօթէլ Պոսֆորուս հիւրանոցի մէջի նպաստ փողոցի տղոց սարքուած երեկոյթին։ 900 հոգինոց ընթրիքը այս անգամ կազմակերպուած էրհովանաւորութեամբ…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ «ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԱՆՎՏԱՆԳՈՒԹԵԱՆ» ՀԱՄԱԳՈՒՄԱՐԻՆ

ԶԵԿՈՒՑԵՑ «ԿՐՕՆՔ ԵՒ ԱՀԱԲԵԿՉՈՒԹԻՒՆ» ԹԵՄԱՅՈՎ ՀԱՆԴԻՊԵՑԱՒ ՆԵՐՔԻՆ ԳՈՐԾՈՑ ՆԱԽԱՐԱՐԻՆ «Ժողովրդավարութեան եւ Համաշխարհային Անվտանգութեան Համագումարը» որ կը տեւէ երեք օր, երէկ ժամը 10.00-ին սկսաւ Եըլտըզի Հիլթըն Քոնրատ հիւրանոցին մէջ։ Անգարայի Ապահովութեան…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ ՈՒՆԵՑԱՒ ՎԱՆԻԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ ՀԵՏ

Նորին Ամենապատուութիւն Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը 4Յունիս 2005 Շաբաթ երեկոյեան, Գնալը Կղզիի Պատրիարքարանինմէջ ընդունեց Վանի Կուսակալ Մէհմէտ Նիյազի Թանըլըրիքաղաքավարական այցելութիւնը։ Հանդիպման ներկայ եղան Պատմական Ժառանգութեան Պահպանման Հիմնարկի Ատենապետ եւ…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՌՈԹԱՐՅԷՆՆԵՐՈՒ ԽՈՒՄԲԸ

Պէզճեան Մայր Վարժարանի 175-ամեակիտօնակատարութեանց ծիրէն ներս, 13-14 Յունիս 2005թուականներուն ծրագրուած է Արամ Խաչատուրեանինշանաւոր Գայիանէ Պալէի բեմադրութիւնը ԱթաթիւրքՄշակութային Կեդրոնին մէջ։ Սոյն ձեռնարկի իրականացմանհամար գործակցող Լեվենտ եւ Իշխանաց Կղզիներութաղամասերուն Ռոթարի ակումբներու վարչականները…

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԵՒ ԶԲՕՍԱՇՐՋՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ ՏԵՂԵԿՈՒԹԻՒՆ ՓՈԽԱՆՑԵՑ

Թուրքիոյ Մշակութային եւ ԶբօսաշրջութեանՆախարարութեան Խորհրդական Փրոֆ. Տքթ. Մուսթաֆա Իսէն,18 Մայիս 2005 Չորեքշաբթի կապ հաստատեց Ն.Ա.Տ.Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հօր հետ եւ տեղեկութիւն փոխանցեցՆախարարութեան որոշումին մասին  Վանայ Լճի ԱղթամարԿղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ…