ԱՄԵՆ. ՍՐԲԱԶԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵՑ ՎՈՍՓՈՐԻ ԱՍԻԱԿԱՆ ԱՓԻ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր անդրանիկ հովուապետական այցելութիւնները շնորհել շարունակեց 12 Փետրուար 2020, Չորեքշաբթի։ Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով  միաբաններ ու քահանայ հայրեր, այցելեց եկեղեցիներ ու փոխանցեց…

ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՍԿՍԱՒ ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ՇՆՈՐՀԵԼ ՄԵՐ ԵԿԵՂԵՑԻՆԵՐՈՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, 11 Փետրուար 2020, Երեքշաբթի, սկսած է անդրանիկ հովուապետական այցելութիւններ շնորհել Պոլսոյ եկեղեցիներուն։ Այս առիթով Պատրիարք Սրբազան Հայրը, իր մօտն ունենալով միաբաններ ու քահանայ հայրեր,…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու կու գանք տեղեակ պահել մերազն ժողովուրդի զաւակները, թէ Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Հայրը իր անդրանիկ Հովուապետական այցելութիւնները պիտի շնորհէ Ստանպուլի մեր եկեղեցիներուն ըսի հետեւեալ ժամանակացոյցի։ Սիրով կը հրաւիրուի հաւատացեալ թաղեցի…

ԶԵԿՈՅՑ

ՍԳԵՄԻ ԱՐՏՕՆՈՒԹԻՒՆ   Այսու կը ծանուցանենք համայնքային ու թաղային մարմիններուն եւ մեր համայնքի անդամներուն, թէ Հանրապետութեան Վսեմաշուք Նախագահի 16 Դեկտեմբեր 2019 թուակիր ու 1838 համար հրամանագրով Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Ամեն….

ՃՇԴՈՒՄ

Յետեւեալ ճշդումը ուղարկուած է նաեւ Մարմարա Օրաթերթի առ ի հրատարակութիւն Պատրիարքական Աթոռի Դիւանը ցաւով տեղեկացաւ Մարմարա Օրաթերթի 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի օրուան թիւին մէջ լոյս տեսած «Պատրիարքարանը երէկ փայլեցաւ իր…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՆԻԿԻՈՅ ՔՈՆՍԹԱՆԹԻՆ Ս. ՄԵՏՐՈՊՈԼԻՏԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Նիկիոյ Քոնսթանթին Ս. Մետրոպոլիտ Հարիսիատիսը։ Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ՝ Միջեկեղեցական Յարաբերութեանց Պատասխանատու՝ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ….

ԵԹՈՎՊԱԿԱՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻ ԱՅՑԸ

Եթովպական Եկեղեցւոյ Հիւսիսային Շօա շրջանի առաջնորդ Գերշ. Ապունա Քէվստոս Եպս. Զէքարիաս, իր հետեւորդներուն հետ, 30 Յունուար 2020, Հինգշաբթի յետմիջօրէին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հանդիպումին…

ՏՔԹ. ՄԱՐԻՕ ՌՈԿԷՆՊԻՒՔԷԻ ԱՅՑԸ

Յանուն Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ հովանիին ներքեւ գործող Նէո-քաթեքիւմէն շարժումի Տքթ. Մարիօ Ռոկէնպիւքէ եւ ընկերակիցները, 24 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 13.00-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։…

ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սեւծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Թուրքիոյ մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան Մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, 24 Յունուար 2020, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին կ՚ընկերանար իր…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ՝ ՍԱՆԱՍԱՐԵԱՆ ԽԱՆԻ ՄԱՍԻՆ

Աթոռս վերահասու դարձած է, թէ Պատրիարքութեանս եւ Վաքըֆներու ընդհանուր տնօրէնութեան միջեւ տարակարծութեան առարկայ Սանասարեան խանի՝ վերանորոգութեան փոխարէն 35 տարիով վարձակալման նպատակով 28 Յունուար 2020 թուականին մրցոյթ (իհալէ) մը տեղի պիտի ունենայ…