ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՎԵՐՋԻՆ ԿԱՅԱՆԸ՝ ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Վաքըֆգիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ ժամը 08.30-ին սկսան գիշերային եւ առաւօտեան ժամերգութիւնները, որոնց աւարտին գոց վարագոյրով Ս. Պատարագ մատուցուեցաւ ձեռամբ Արժ. Տ. Աւետիս Քհնյ. Թապաշեանի։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան հոգեւոր հայրերու, ուխտաւոր…

ԱՆՈՒԱՆ ՏՕՆԱԽՄԲՈՒԹԻՒՆ ԻՍԿԵՆՏԵՐՈՒՆԻ Ս. ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ

Իսկենտերունի Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութիւնը տեղի ունեցաւ, 9 Մարտ 2013, Շաբաթ, Ս. Քառասնից Մանկանց Տօնին։ ժամը 08.30-ին սկսան ժամերգութիւնները։ Ս. Պատարագը մատուցանեց՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, առընթերակայութեամբ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր…

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ԱՒԱՆԴԱԿԱՆ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՍԿՍԱՒ

Մեծ Պահոց աւանդական ուխտագնացութիւնը սկսաւ հոգեւոր հայրերու մեկնումով։ Արժ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան եւ Արժ. Տ. Գէորգ Քհնյ. Չնարեան, ընկերակցութեամբ Բրշ. Արթուն Սրկ. Տամատեանի, 7 Մարտ 2013, Հինգշաբթի, միջօրէին, օդային…

ՄԻՋԻՆՔԻ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Մեծ Պահքի շրջանի Միջինքի աւանդական արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 6 Մարտ 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 17.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի։…

ՄԵԾ ՊԱՀՈՑ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՍՕՐ ԿԸ ՍԿՍԻ

Մեծ Պահոց Կեսարիոյ եւ Հաթայի աւանդական ուխտագնացութիւնը այս երեկոյ հոգեւորականներու խումբի մեկնումով կը սկսի։ Այս տարի Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ  Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեանի տնօրինութեամբ ուխտագնացութեան կը գլխաւորէ՝ Գերշ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴԸ ՎԵՐԱԴԱՐՁԱՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան 25 Փետրուար 2013, Կիրակի, ուշ երեկոյեան վերադարձաւ քաղաքս։ Նորին Սրբազնութիւնը անցեալ 17 Փետրուար 2013, Կիրակի, մեկնած էր Մայր Աթոռ  Ս. Էջմիածին՝ մասնակցելու…

ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ՏԵԱՌՆԸՆԴԱՌԱՋԻ ՏՕՆԻՆ

Պոլսոյ Պատրիարքական Աթոռոյ վախճանեալ գահակալներէն՝ Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարք այս տարի եւս յիշատակուեցաւ Տեառնընդառաջի Տօնին, իր վախճանման տարեդարձի առթիւ։ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ մէջ, 14 Փետրուար 2013 Հինգշաբթի, Ս….

ԲՈՒՆ ԲԱՐԵԿԵՆԴԱՆԻՆ ԿԻՍԱՍԱՐԿԱՒԱԳԻ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆ

Ֆէրիգիւղի Ս. Վարդանանց Դպրաց Դասու հիմնադրութեան 104րդ, իսկ երգչախումբի կազմութեան 81րդ կրկնակ տարեդարձները կրօնական եւ աշխարհիկ հանդիսութեամբ նշուեցան 11 Փետրուար 2013, Կիրակի, Բուն Բարեկենդանին, հանդիսապետութեամբ՝ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ….

ՍՐԲՈՑ ՂԵՒՈՆԴԵԱՆՑ ՔԱՀԱՆԱՅԻՑ ՏՕՆԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

Սրբոց Ղեւոնդեանց Քահանայից տօնին առթիւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ 5 Փետրուար 2013, Երեքշաբթի առաւօտ կատարուեցաւ մեծահանդէս արարողութիւն, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի, իր շուրջն…

ՍԻԼՎԱ ԿՈՄԻԿԵԱՆ ՊԱՐԳԵՒԱՏՐՈՒԵՑԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ԿՈՂՄԷ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի որոշումով եւ Պատրիարքական Ընդհ. Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի կողմէ Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուան ոսկեայ շքանշանով պատուուեցաւ ասմունքող՝ Սիլվա Կոմիկեան։ 20 Յունուար 2013, Կիրակի առաւօտ, Ս….