ԱՂԹԱՄԱՐԻ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է թէ՝ Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ տարին մէկ անգամ Ս. Պատարագ կը մատուցուի, Սեպտեմբեր ամսուան առաջին կամ երկրորդ կիրակիին։ Այս տարի Ս. Պատարագը պիտի մատուցուի 6 Սեպտեմբեր…

ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ս. Կոյս Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը յատուկ հանդիսութեամբ կը նշուի Մուսա Լերան Վագըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տարի եւս, հակառակ համավարակի պայմաններուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր վերին տնօրինութեամբ,…

ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱՒԱՆ ԱՂՕՐՀՆԷՔ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ 15 Օգոստոս 2020, Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Վերափոխման Տաղաւարի աւանդական մատաղօրհնութեան եւ գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ «Աղօրհնէք»։ Արարողութեանց մասնակցեցան Արժ. Տ….

ՀՈՎՈՒԱՊԵՏԱԿԱՆ ԱՆԴՐԱՆԻԿ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ՄՈՒՍԱ ԼԵՌ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 13 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի երեկոյեան, Մուսա Լերան Վաքըֆգիւղի ժողովուրդին հովուապետական անդրանիկ այցելութեան նպատակաւ օդային ճամբով մեկնեցաւ Հաթայ։ Ամենապատիւ Տիրոջ ճամբորդութեան ընթացքին կ՚ընկերանային գաւազանակիր Արժ. Տ….

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 12 Օգոստոս 2020, Չորեքշաբթի, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան,…

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գնալը Կղզիի Յունաց Մէթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) Վանքին մէջ, 6 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի առաւօտ, Յունաց Օրացոյցին համաձայն Վարդավառի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Յունաց Պատրիարքին։ Վանքի տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝…

ԿՈՉ ՄԱՐԴԱՍԻՐԱԿԱՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումը, խոր ցնցում յառաջացուցած է երկրի հայրենակիցներուն մօտ։ Աղէտին իբր հետեւանք ո՛չ միայն բլուզումներ եւ աւերումներ, այլ նաեւ՝ նիւթական լուրջ վնասներ…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԱՍԻՆ

Պատրիարքական Աթոռը Տիար Արեւ Ճէպէճիէ տեղեկացած էր, թէ 16 Օգոստոս 2020, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի Կիրակիին, Գնալը Կղզիի վրայ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան հետ ծրագրուած էր մշակութային փառատօնի մը կազմակերպութիւնը։ Այս…

ԳՈՒՄԳԱԲՈՒ ԴՐՍԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Յուլիս 2020, Երեքշաբթի, առաւօտ Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Ատենապետ՝ Արուշ Թաշի։ Այցելուները եկեղեցւոյ տարեկան հաշուետուութիւնը Նորին…

ՈՉ ԵՒՍ Է ՏՈՑ. ՏՔԹ. ՎԱՐԴ ՇԻԿԱՀԵՐ

  Պատրիարքական Աթոռը ցաւով կը գուժէ մահը Տոց. Տքթ. Վարդ Շիկահերի։   Իր մահուամբ առյաւէտ կը բաժնուի մեր համայնքի մտաւորական ու հանրային երախտաշատ ծառայութեամբ ծանօթ դէմք մը, որ բժշկագիտական գործունէութեան…