ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ ՏՆՕՐԻՆՈՒՄԸ Ի ՄԱՍԻՆ Ս. ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, Նորին Ամենապատուութիւնը 18 Մայիս 2020 թուականին հեռախօսային կապ հաստատելով Պէյօղլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ Տիար Սիմոն Չէքէմի եւ զոյգ տնօրէններ՝ Տկն. Սաթենիկ Նշանի…

ԶԵԿՈՅՑ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Աթոռոյս Պատկառելի Կրօնական Ժողովը 27 Մայիս 2020, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին գումարուեցաւ Պատրիարքարանի մէջ, նախագահութեամբ Ամենապատիւ Պատրիարք Սրբազան Հօր։ Ծանօթ է թէ, Քորոնայի Համավարակի պատճառաւ նկատի ունենալով առողջապահական շրջանակներու թելադրութիւնները ժողովի…

ՑԱՒԱԼԻ ՊԱՏԱՀԱՐ ՄԸ ԳՈՒԶԿՈՒՆՃՈՒՔԻ ՄԷՋ

Ցաւալի դէպք մը պատահած է 23 Մայիս 2020, Շաբաթ՝ այս անգամ Գուզկունճուքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ փողոցի դրան առջեւ։ Երբ արդէն փողոց ելլելու արգելք կար շաբաթավերջին, անծանօթ անձ մը Եկեղեցւոյ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Ի ՄԱՍԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՄԱՆ

Ծանօթ է, թէ մերազն հաւատացելոց, թէ Քորոնա Ժահրի համավարակի պատճառաւ 16 Մարտ 2020 թուականէն ի վեր Ստանպուլի մեր եկեղեցիները փակ են հաւաքական պաշտամունքի եւ միշտ բաց՝ մոմավառութեան ու անհատական աղօթքի…

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԹԻՒ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ամենապատիւ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Հայ համայնքի թանկագին անդամներ, Ձեզ կ՚ողջունեմ սիրով ու յարգանօք։ Երբ աշխարհով մէկ կ’անցնինք այս դժուարին օրերէն, մեր հայրենակիցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող զօրակցութիւնը հետզհետէ…

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՊԱՏԳԱՄԸ  

Այսօր 24 Ապրիլ է: Տխրահռչակ օրն է  յիշատակման՝ մեր ազգի դար մը առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան: Մեր պատմութեան ամենէն թանձրախաւար շրջանի մը սկիզբը խորհրդանշող չարաղէտ թուական մը, որ կը ծրէ…

ԱՄԵՆԱՊԱՏԻՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԶԱՏԿՈՒԱՆ ՊԱՏԳԱՄԸ

«Փա՜ռք յարութեան Քո, Տէ՛ր. Ես ոչ դադարեցայց, Փրկիչ, փառաւորել զքեզ զամենայն աւուրս կենդանութեան իմոյ»: (Ժամագիրք)   Շնորհաւոր Սուրբ Զատիկ, սիրելի հաւատացեալներ.   ՔՐԻՍՏՈՍ ՅԱՐԵԱՒ Ի ՄԵՌԵԼՈՑ ՕՐՀՆԵԱԼ Է ՅԱՐՈՒԹԻՒՆՆ ՔՐԻՍՏՈՍԻ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ 4

Համաճարակի պատճառաւ տուներու մէջ փակելու պարտաւորուած երէց սերունդի մեր ժողովուրդի անդամներուն ուղղուած եւ Ամենապատիւ Սրբազան Պատրիարք Հօր առաջնորդութեամբ «Հեռախօսային Օժանդակութեան Աջակցութիւն» կարգախօսով արշաւ մը սկսած է։ Մօտաւորապէս 20 կամաւոր կիներ,…

ՉԱՐԽԱՓԱՆ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾՆԻ ՍՐԲԱՊԱՏԿԵՐԻՆ ԱՌՋԵՒ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Պալաթու Ս. Հրեշտակապետաց Եկեղեցին Պոլսոյ ամենանուիրական ուխտատեղինէն մին է, յատկապէս Չարխափան Ս. Աստուածածնի Սրբապատկերով։ Մանաւանդ Ս. Խաչի նախօրեակին հաւատացեալներ կը փութան այս եկեղեցին ի մասնաւորի վասն բժշկութեան աղօթքներ կը վերառաքեն…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Գ. – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻ ԿԱՆԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Քորոնա ժահրի յառաջացուցած վարակի պատճառաւ ներհամայնքային զօրակցութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ արդէն իսկ համակարգեալ աշխատանքները սկսած են։ Այս ուղղութեամբ կազմուած օժանդակութեան համակարգիչ յանձնախումբին…