ԱՐԱՄ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ  Արքեպս. Աթէշեան, 1 Նոյեմբեր 2015, Կիրակի, մեկնեցաւ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին, մասնակցելու համար Գերագոյն Հոգեւոր Խորհուրդի Ժողովին։ Նորին Սրբազնութիւնը, 5 Նոյեմբեր, Հինգշաբթի պիտի վերադառնայ…

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՏՕՆԻ ԱՌԹԻՒ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան, Հանրապետութեան Տօնի առթիւ Հանրապետութեան Նախագահ Վսեմաշուք Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղանի սարքած ընդունելութեան մասնակցելու համար. 29 Հոկտեմբեր 2015, Հինգշաբթի, Անգարա կը մեկնի։ Սոյն ընդունելութեան,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅՍ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆԸ ՄԻՒՌՈՆՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Ինչպէս յայտնի է մեր հաւատացեալ ժողովուրդին, 27 Սեպտեմբեր 2015, Կիրակի, Վարագայ Ս. Խաչի Տօնին, Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի նախագահութեամբ Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ պիտի կատարուի Սրբալոյս Միւռոնի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՊԱԽԱՐԱԿԵՑ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ԴԷՊՔԵՐԸ

Վերջին երկու ամսուայ ընթացքին, Թուրքիոյ զանազան շրջաններու մեջ պատահած ահաբեկչական դէպքերուն առթիւ, Պատրիարքական Աթոռը, 10 Սեպտեմբեր 2015, Հինշգաբթի, մամլոյ հաղորդագրութեամբ, թարգման հանդիսացաւ Թուրքիոյ Հայ Համայնքի ցաւին։ Հաղորդագրութեան մէջ, յստակ կերպով…

ՍՈՒՐՈՒՉԻ ՄԷՋ ԱՊԱՍՏԱՆԱԾ ՀԱՅ ԸՆՏԱՆԻՔՆԵՐ ԿԸ ՄԵԿՆԻՆ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Քօպանիէն փախուստ տալով Թուրքիա ապաստանած երէք հայ ընտանիքներէն երկուքը, այս շաբաթավերջին կը մեկնին Հայաստան։ Ինչպէս, նախապէս հաղորդուած է, երէք Հայ ընտանիքներ Սուրուչի ԱՖԱՏ (Աղէտի եւ անակնկալ դէպքերու կեդրոնի) վրանակերտ բնակավայրին…

ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆԸ ՋՆՋՈՒԱԾ

Աղթամարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ տարեկան ուխտագնացութիւնը, այս տարի տեղի պիտի ունենար 6 Սեպտեմբերին։ Պատրիարքական Աթոռը, նկատի ունենալով վերջին շրջաններու ահաբեկչական յարձակումներն ու նահատակութիւնները, նաեւ Վանի եւ շրջակայից ապահովական միջոցառումները չխախտելու…

ՀԱՆԳԻՍՏ ՏԷՐ ՊՍԱԿ ԱՒԱԳ ՔԱՀԱՆԱՅԻ ԹԷԶԷՆԼԵԱՆ

Երեսունեւիննամեայ ժամանակաւ սպասաւորեալ Հայաստանեայց Առաքելական Սուրբ Եկեղեցւոյ, երբեմնի հոգեւոր հովուին Թօփգաբուի Ս. Նիկողայոս, Սամաթիոյ Ս. Գէորգ, Սկիւտար Ս. Խաչ եւ հուսկ՝ Նառլըգաբուի Ս. Յովհաննէս Աւետարանիչ Եկեղեցեաց քաղաքիս եւ անդամուն Պատկ….

TREASURES OF FAITH (ՀԱՒԱՏՔԻ ԳԱՆՁԵՐ) ԳԻՐՔԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Երկարատեւ աշխատութենէ մը յետոյ վերջերս լոյս տեսաւ, Treasures of Faith գիրքը, շքեղ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։  Գրքի պատրաստուած է Մինէսոթայի Համալսարանէն Փրօֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարիս, Արեւմտեան Միշիկընի Համալսարանէն  Փրօֆ. Տքթ. Մարլէն…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԵԿՆԵՑԱՒ ՀԱՅԱՍՏԱՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արեքպս. Աթէշեան, 7 Յունիս 2015, Կիրակի, մեկնեցաւ Հայաստան։ Նորին Սրբազնութիւնը, Աղթամար Կղզիի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ կատարելի ուխտագնացութեան կապակցութեամբ պիտի տեսակցի Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ամենայն…

ԿՈԼՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆԸ ՊԱՇՏՕՆԱՊԷՍ ՃԱՆԱՉՈՒԱԾ

Պատրիարքական Աթոռոյ Երանաշնորհ գահակալներէն Յովհաննէս Թ. Բաղիշեցի Կոլոտ Պատրիարքի անուան ձօնուած թանգարանը պաշտօնական ճանաչում ստացաւ։ Կատարուած պաշտօնական ձեւակերպութեանց աւարտին, պատկան իշխանութիւններ Կոլոտ Պատրիարքի Անուան Թանգարանի Տեսուչ՝ Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանի…