ԶԵԿՈՅՑ

Պատրիարքական Աթոռը 10 Փետրուար 2021, Չորեքշաբթի, վերահասու դարձաւ թէ՝ Ս. Ղեւոնդեանց Քահանայից Տօնի առթիւ Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ պատարագիչ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Աւ. Քհնյ. Ֆէնէրճեան ազդուած է Քորոնա Համավարակէն եւ…

ԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆՔ-ՊԱՇՏՕՆԱԿԱՆՔ

Ողջոյն, Պատրիարքական Աթոռոյս երդիքին ներքեւ, տարիներ առաջ հաստատուած աւանդութիւն էր սոյն Եկեղեցականք-Պաշտօնականք համառօտ տեղեկատուութիւնը, որ խիստ ամփոփ գիծերով կու տայ Աթոռոյ առօրեայ կեանքը։ Եկեղեցականք-Պաշտօնականք նախ լոյս կը տեսնէր Պոլսահայ մամուլի…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՀԱՅՐ ԹԱԹՈՒԼԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 6 Փետրուար 2021, Շաբաթ, յետ միջօրէին, ընկերակցութեամբ՝ գաւազանակիր Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, այցելեց Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ եւ Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ….

ԻԶՄԻՐԻ ԼԱՏԻՆ ԿԱԹՈԼԻԿ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՆՈՐԱՆՇԱՆԱԿ ԱՌԱՋՆՈՐԴԻՆ ՁԵՌՆԱԴՐՈՒԹԻՒՆԸ ՏԵՂԻ ՈՒՆԵՑԱՒ

Իզմիրի նորանշանակ առաջնորդ Հայր Մարթին Քըմէթէքի եպիսկոպոսական ձեռնադրութեան եւ պաշտօնի կոչման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ 2 Փետրուար 2021, Երեքշաբթի, ժամը 17.30-ին, Իզմիրի Սանթա Մարիա Լատին Կաթոլիկ Եկեղեցւոյ մէջ։ Սոյն արարողութեան յանուն…

«KISMET TABİ» ԳԻՐՔԷՆ ՆՄՈՅՇ ՄԸ ԸՆԾԱՅՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Փետրուար 2021, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Աննա Մարիա Պէյլունիօղլուն եւ Էօզկիւր Քայմաքը։ Հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ իրենք զիրենք ծանօթացնելէ յետոյ, տեղեկութիւն տուին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ ԱՐՀ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԶԷՔԻԵԱՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Յունուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ՝ Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ….

ԱԹՈՌՈՅՍ «ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐ» ԾՐԱԳՐԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան Նախագահութեան Դիւանապետներէն՝ Հասան Տօղանի հիւրընկալութեամբ, 22 Յունուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 13.30-ին, Հայ, Յոյն, Ասորի եւ Հրեայ համայնքներէ երիտասարդներ հիւրնկալուեցան Հանրապետական Համալիրին մէջ։ Սոյն հանդիպման յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս մասնակցեցան, Պատրիարքական…

ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, 20 Յունուար 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՑԱՒԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԵՂՐԻԿ ՍՐԲԱԶԱՆԻ ՀԱՄԱՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 18 Յունուար 2021 թուակիր նամակով ցաւակցութիւն յայտնեց Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Արամ Ա. Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսին։ Կիլիկեան Ս. Աթոռոյ վաստակաշատ միաբաններէն եւ Դպրեվանուց Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Մեղրիկ…

ԱՄԵՆ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՏՕԼՄԱՊԱՂՉԷԻ ԽՈՐՀՐԴԱԿՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎԻՆ

Թուրքիոյ Հայոց Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ Պատրիարք Հայրը 29 Նոյեմփբեր 2020, Կիրակի, յետ միջօրէի ժամը 16.00-ին Տօլմապաղչէի Հանրապետութեան Նախագահական Գրասենեակին մէջ կայացած ժողովի մը մասնակցեցաւ։ Ժողովը կայացաւ Թուրքիոյ Հանրապետութեան Արդարութեան Նախարար՝…