ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ՎԱՆՔԻ ԵԿԵՂԵՑԻԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 20 Հոկտեմբեր 2022, Հինգշաբթի, պաշտօնական այցելութիւններէ ետք, այցելեց քաղաքի մերձակայ Վէնք (Վանք) գիւղի մէջ գտնուող Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ երբեմնի եկեղեցին։ Այս եկեղեցին աղօթատունն էր երբեմնի…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ՄԷՋ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԵԱՆՑ ԿԱՏԱՐՄԱՆ

Ծանօթ է, թէ Քորոնա համավարակի տարածումը կանխարգելու նպատակաւ վերջին անգամ կառավարական որոշումով հրապարակուած սահմանափակումները 17 Մայիս 2021, Երկուշաբթի, ժամը 05.00-էն սկսեալ ենթարկուած են բարեփոխման։ Այս առումով Պատրիարքարանի Դիւանը Հոգեւորականաց Դասուն…

ՀՈԳԵԳԱԼՍՏԵԱՆ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ. «ՓԱՌՔ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՔՈ Ս. ՀՈԳԻՆ ԱՍՏՈՒԱԾ» ԸՍԱՒ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ

Հոգեգալուստը, Քրիստոնէական Եկեղեցւոյ կարեւորագոյն տօներէն մին է, որ ամէն տարի մեծ շուքով կը նշուի մեր եկեղեցիներուն մէջ։ Սակայն, թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ այս տարի եւս կարելի չեղաւ ժողովուրդի մասնակցութեամբ…

ՀԱՄԲԱՐՁՄԱՆ ՏՕՆԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ՀԱՆԴԻՍԱՒՈՐԱՊԷՍ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Համբարձման Տօնը այս տարի եւս տօնուեցաւ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի սահմանափակումներու շուքին տակ։ Ըստ ընկալեալ սովորութեան, Համբարձման տօնը կը զուգադիպի Ս. Փրկիչ Ազգային Հիւանդանոցի տարեկան տօնախմբութեան, սակայն համավարակի սահմանափակումներուն պատճառաւ, ինչպէս…

ՅՈՒՇԱՄԱՏԵԱՆ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՏԱՐԵԼԻՑԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Պատրիարք Հօր հրամանաւ եւ օրհնութեամբ Երանաշնորհ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանման Բ. տարելիցին առթիւ Պատրիարքական Աթոռոյս կողմէ հրատարակուեցաւ յուշամատեան մը։ Հատորը կը բացուի Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքի մեծադիր լուսանկարով,…

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ ԹԱՂՈՒՄ

«ԲՈԼՈՐ ՔՐԻՍՏՈՆԵԱՆԵՐ ՍՈՒՐԲ ԳԵՐԵԶՄԱՆԻ ՃԱՄԲՈՎ ԵՂԲԱՅՐՆԵՐ ԵՆ» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ Իսկ միւս կողմէ, ժամը 17.30-ին տեսասփռուեցաւ Թաղման Կարգը։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, միաբան հայրերու, քահանաներու եւ սարկաւագներու թափորով…

ԱՒԱԳ ՈՒՐԲԱԹԸ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԻ ՄԷՋ

«ՄԵՂՔԻՆ ԹՈՅՆԸ ԴՈՒՐՍ ՀԱՆԵՆՔ ՄԵՐ ԷՈՒԹԵՆԷՆ» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ Ուրբաթը, Քրիստոսի չարչարանքներով, խաչելութեամբ եւ թաղման յիշատակութիւններուն հետ ողողուած օրն է, որուն ընթացքին հաւատացեալներ ծէսին ընդմէջէն կը թափանցեն Քրիստոսի նեղութեանց։…

ԸՆԹՐԵԱՑ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳԸ ՂԱԼԱԹԻՈՅ Ս. ԳՐԻԳՈՐ ԼՈՒՍԱՒՈՐԻՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

«ԱՅՍՕՐ ՏԻՐՈՋ Ս. ՍԵՂԱՆԻՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁՆ Է» ԸՍԱՒ ՄԵՐ ՀՈԳԵՒՈՐ ՊԵՏԸ Արարողակարգային տեսակէտէ, Աւագ Շաբթուան ամենէն ճոխ օրն է Աւագ Հինգշաբթին, որուն ընթացքին գլխաւորապէս կը շեշտադրուի Քրիտոսի կողմէ հաստատուած Վերջին Ընթրիքը։…

ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 26 Մարտ 2021, Ուրբաթ, ձեռամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Արարողութեան մասնակցեցան Պատրիարքական Աթոռոյս միաբան հայրեր, քահանայից…