ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարքը 11 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, յետ ընտրութեան Հրաշափառով մուտք պիտի գործէ Ս. Աստուածածին Մայր Տաճար՝ ժամը 17.00-ին։   Սիրով կը հրաւիրուին մերազն ժողովուրդի զաւակները սոյն արարողութեան…

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Կէտիկփաշայի Ս. ՅովհաննէսԵկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Շնորհք Աբղ. Տօնիկեանի եւ Բ. Ատենապետ Մուրատ Էօզչէլիքի 26 Նոյեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը 16.30-ին, այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական…

ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան Մշակութային Հարստութիւնները Պահպանելու բաժնի վարիչ Մահիր Փօլաթ ու ընկերակիցները 21 Նոյեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին այցելեցին Պատրիարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ՝ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպսկ. Մաշալեան ցաւակցական գրութիւն մը ուղարկած է Գերերջանիկ Տ. Գրիգոր Պետրոս Ի. Կաթողիկոս-Պատրիարքին, վերջերս Գամիշլիի մէջ ահաբեկութեամբ զոհուած Տէր Յովսէփ Քհնյ. Պետոյեանի ու Հօր՝ Աբրահամ…

ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ՏԱՃԱՐԻ ՆԿԱՐՆԵՐՈՒ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍ ՆԻՒ ԵՈՐՔԻ ՄԷՋ

Աղթամարի Ս. Խաչ երբեմնի հայրապետանիստ տաճարի լուսանկարներու ցուցահանդէսը բացուեցաւ Նիւ Եորքի մէջ։   23 Յուլիս 2019, Երեքշաբթի երեկոյեան, Ստանպուլի Այա Իրինի Տաճար-Թանգարանին մէջ Հանրապետութեան Նախագահութեան Հաղորդակցութեան Վարչութեան մշակած ՝՝Անատօլուի ծածուկ…

ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՅԻՇԱՏԱԿՈՒԵՑԱՒ ԻՐ ՀՈՂԱԿՈՅՏԻՆ ՎՐԱՅ

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներու Տօնին, 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի տնօրինութեամբ, Երանաշնորհ Մեսրոպ Պատրիարքը յիշատակուեցաւ, իր հողակոյտին վրայ։ Նկատելով որ Ս. Թարգանչաց Վարդապետաց Տօնը, նաեւ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ՏԵՂԱՊԱՀ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ Ս. ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ ՀՐԱՊԱՐԱԿԱԾ ԽՕՍՔԸ

Սրբոց Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնակատարութիւնը իր արժէքով կը ներկայանայ բոլոր անոնց, որոնք գիտեն գնահատել Հայ գիրի ու գրականութեան ու անով ստեղծուած մշակոյթի մը արժէքն ու կարեւորութիւնը։   Աշնան եղանակին մեր կրթական…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Այսու մեր համայնքի անդամներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ ՍՐԲՈՑ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ Տօնին առթիւ 12 Հոկտեմբեր 2019, Շաբաթ առաւօտ, ժամը՝ 10.00-ին,   Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ Ս. Պատարագ պիտի մատուցուի Հանդիսապետութեամբ՝…

ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցին, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 10 Սեպտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ձեռամբ Պատրիարաքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ…

ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ծոցի Երկիրներու Ընդհանուր Քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան 9 Յուլիս 2019, Երկուշաբթի, Ժամը 14.00-ին ընկերակցութեամբ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ստանպուլի Տնօրէն Թամար Քարասուի այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր….