ՄՈՒՍԱ ԼԵՐԱՆ ԲԱՐՁՈՒՆՔԻՆ ՏԱՂԱՒԱՐԻ Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ

Ս. Կոյս Աստուածածնի Վերափոխման տաղաւարը յատուկ հանդիսութեամբ կը նշուի Մուսա Լերան Վագըֆգիւղի Սուրբ Աստուածածին գողտրիկ եկեղեցւոյ մէջ։ Այս տարի եւս, հակառակ համավարակի պայմաններուն, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր վերին տնօրինութեամբ,…

ՎԱՔԸՖԳԻՒՂԻ ՄԷՋ ԱՒԱՆԴԱՒԱՆ ԱՂՕՐՀՆԷՔ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հանդիսապետութեամբ 15 Օգոստոս 2020, Շաբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Վերափոխման Տաղաւարի աւանդական մատաղօրհնութեան եւ գիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ անուան տօնախմբութեան առթիւ «Աղօրհնէք»։ Արարողութեանց մասնակցեցան Արժ. Տ….

ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ՏԱՃԱՐԸ ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒԵՑԱՒ

Գումգաբուի Աթոռանիստ Մայր Տաճարը, որ բարեզարդման աշխատանքներու պատճառաւ պաշտամունքի փակուած էր, 12 Օգոստոս 2020, Չորեքշաբթի, նախագահութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր պաշտամունքի վերաբացուեցաւ։ Ներկայ էին Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան,…

ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՅՈՒՆԱՑ ՎԱՆՔԻՆ ՄԷՋ ՎԱՐԴԱՎԱՌԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Գնալը Կղզիի Յունաց Մէթամորֆոզ (Այլակերպութիւն) Վանքին մէջ, 6 Օգոստոս 2020, Հինգշաբթի առաւօտ, Յունաց Օրացոյցին համաձայն Վարդավառի տօնակատարութիւնները տեղի ունեցան նախագահութեամբ՝ Ն.Ս.Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Յունաց Պատրիարքին։ Վանքի տօնակատարութեանց իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ՝…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ԳՆԱԼԸ ԿՂԶԻԻ ՓԱՌԱՏՕՆԻ ՄԱՍԻՆ

Պատրիարքական Աթոռը Տիար Արեւ Ճէպէճիէ տեղեկացած էր, թէ 16 Օգոստոս 2020, Ս. Աստուածածնի Վերափոխման Տաղաւարի Կիրակիին, Գնալը Կղզիի վրայ Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետութեան հետ ծրագրուած էր մշակութային փառատօնի մը կազմակերպութիւնը։ Այս…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՎՇՏԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՅԱՅՏՆԵՑ ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍՈՒԹԵԱՆ

4 Օգոստոս 2020, Երեքշաբթի երեկոյեան Պէյրութի նաւահանգիստը ցնցուեցաւ զօրաւոր պայթումով մը, որուն որպէս հետեւանք բազմաթիւ մահացողներ ու վիրաւորներ եղան։ Սոյն դէպքը յատկապէս իր խոր ազդեցութիւնը թողուց հայաշատ Պուրճ Համուտի եւ…

ՍՈՒՐԲ ԹԱՐԳՄԱՆԻՉ ՎԱՐԴԱՊԵՏՆԵՐ՝ ՍԱՀԱԿ ԵՒ ՄԵՍՐՈՊԻ ՏՕՆԱԿԱՏԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ս. Թարգմանիչ Վարդապետներ՝ Սահակ եւ Մեսրոպի Տօնին, 2 Յուլիս 2020, Հինգշաբթի առաւօտ, Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ, տօնական արարողութիւն տեղի ունեցաւ Ս. Որդւոց Որոտման Եկեղեցւոյ մէջ։ Նկատի ունենալով Քորոնա…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԷՆ ՆՈՐ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆ

Թագաժահրի (Coronavirus) համավարակի օրերուն, Պատրիարքական Աթոռոյս Արմաշ Մատենաշարէն, որպէս տասն եւ երրորդ հատոր լոյս տեսաւ Պատրիարքական Աթոռոյս հոգեւորականաց դասէն Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի «Յովհաննէս Սրկ. Վրդ.ի մատենագիտութիւն եւ…

ՆՈՐԱԿԵՐՏ ՇԻՐԻՄԻ ԲԱՑՈՒՄ ԵՐԱՆԱՇՆՈՐՀ ՄԵՍՐՈՊ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ

Պատրիարքական Աթոռոյս 84րդ գահակալ Երանաշնորհ ՄեսրոպԲ.  Պատրիարքի նորակերտ շիրիմի բացումը կատարուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր նախագահութեամբ։   Երանաշնորհ Պատրիարքին նորակերտ շիրիմի պատրաստութիւնը աւարտած ըլլալով, 16 Յունիս 2020, Երեքշաբթի առաւօտ,…

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՊԱՏԳԱՄԸ  

Այսօր 24 Ապրիլ է: Տխրահռչակ օրն է  յիշատակման՝ մեր ազգի դար մը առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան: Մեր պատմութեան ամենէն թանձրախաւար շրջանի մը սկիզբը խորհրդանշող չարաղէտ թուական մը, որ կը ծրէ…