ՀՈԳԵՒՈՐԱԿԱՆԱՑ ԴԱՍՈՒՆ ՆՈՐ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՒԱՔԸ

Հոգեւորականաց ամանորեան գոհաբանական աղօթքը 31 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, տեղի ունեցաւ Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարքի նախագահութեամբ եկեղեցականաց դասը ժամը 16.00-ին մուտք գործեց Մայր Տաճար,…

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։   Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, իր հետն ունենալով Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ…

ԵՐՋԱՆԿԱՅԻՇԱՏԱԿ ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՇԻՐԻՄԸ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ

Երբ Երջանկայիշատակ Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի վախճանման տարելիցը կը մօտենայ, Շիշլիի Ազգային Գերեզմանատան հոգեւորականաց թաղամասին մէջ պատրաստութիւնները արդէն իսկ սկսած են։ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ, Մեսրոպ Պատրիարքի շիրիմի…

ՀՐԷԻՑ ԽԱԽԱՄԱՊԵՏԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ընտրեալ Պատրիարք Ն.Ա.Տ. Սահակ Սրբազան Եպիսկոպոս՝ երէկ 16 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի, ժամը 16.30-ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Խախամապետ Ռավ Իցհաք Հալէվայի այցելութիւնը, որուն կ’ընկերանար Խախամապետարանի Դիւանապետը՝ Եուսուֆ Ալթընթաշ։   Ընդունելութեան ներկայ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՏՕՆԱԾԱՌԸ ԶԱՐԴԱՐՈՒԵՑԱՒ

Պատրիարքական Աթոռոյ համալիրէն ներս ամանորեան ուրախութիւնը կը սկսի Պատրիարքարանի տօնածառի եւ շքամուտքի զարդարմամբ։ Այնուհետեւ, աւանդական դարձած տեսարանը այս տարի եւս պարզուեցաւ Գումգաբուէ ներս, 16 Դեկտեմբեր 2019, Երկուշաբթի օր։ Ն.Ա.Տ. Սահակ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Հօր Գահակալութեան ու Պատրիարքական Անդրանիկ Ս. Պատարագի արարողութիւնները տեղի կ՚ունենան ըստ հետեւեալ ժամանակացոյցի՝   Ա. Գահակալութիւն՝ 11 Յունուար 2020, Շաբաթ երեկոյեան…

ԵՇԻԼԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Ս. Ընտրեալ Պատրիարք, 13 Դեկտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Եշիլգիւղի Ս. Ստեփանոս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, գլխաւորութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Կորիւն Ա. Քհնյ. Ֆէնէրճեանի,…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Ընտրեալ Պատրիարք՝ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը յետ ընտրութեան Քոյր Եկեղեցիներու եւ քաղաքական գործիչներու ներկայացուցիչներու շնորհաւորութիւնները՝ 17 Դեկտեմբեր 2019, Երեքշաբթի, ժամը՝ 10.00էն 17.00ի ընթացքին Պատրիարքարանի Դահլիճին…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԿՐՕՆԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Նորակազմ Կրօնական Ժողովը, նախագահութեամբ Թուրքիոյ Հայոց Ընտրեալ Պատրիարք՝ ՆԱ.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Եպիսկոպոսի գումարուեցաւ 12 Դեկտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը՝ 10.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ։   Ժողովը բացուեցաւ Նորին Ամենապատուութեան աղօթքով։ Ապա ձեռնարկուեցաւ…

ԶԵԿՈՅՑ Ի ՄԱՍԻՆ ԱԶԳԱՅԻՆ ՊԱՏԳԱՄԱՒՈՐԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎՈՅ

Թուրքիոյ Հայոց 85րդ Պատրիարքի ընտրութեան առթիւ կազմուած Ազգային Պատգամաւորական Ժողովը գումարուեցաւ 11 Դեկտեմբեր 2019, Չորեքշաբթի, ժամը՝ 09.30-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարին մէջ։ Ժողովին մասնակցեցան 102 աշխարհական ու 17 հոգեւորական…