ՍԱՄԱԹԻՈՅ Ս. ԳԷՈՐԳ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 15 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սամաթիոյ Ս. Գէորգ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Զօհրապ Քհնյ. Ճիվանեանի եւ Ատենապետ՝ Եսայի Տէմիրի։…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԷՅՔՈԶԻ Ս. ՆԻԿՈՂԱՅՈՍ ԵԿԵՂԵՑԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, միջօրէին այցելեց Պէյքոզի Ս. Նիկողայոս Եկեղեցին ու դիմաւորուեցաւ Վարուժան Մաղաքեանի գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդի անդամներուն կողմէ։ Նորին Ամենապատուութեան կ՚ընկերակցէր, գաւազանակիր՝ Արժ….

ԳԱՐԵԳԻՆ ՔԱՅԱ ԳԱԼԱՅՃԸԻ ՑՈՒՑԱՀԱՆԴԷՍԸ ՍԿԻՒՏԱՐԻ ՄԷՋ

Սկիւտարի Քաղաքապետութեան նախաձեռնութեամբ, 10 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը 19.00-ին, Սկիւտարի Նէվմէքան Սահիլի Ցուցահանդէսի սրահին մէջ բացումը կատարուեցաւ Գարեգին Քայա Գալայճըի «Մատէնին Իհթիշամը» (Մետաղին Փառքը) խորագրեալ ցուցահանդէսը։ Բացման հանդիսութեան յանուն Ն.Ա.Տ….

ՍԿԻՒՏԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 10 Սեպտեմբեր 2020, Հինգշաբթի, ժամը 10.00ին Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Սկիւտարի Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդը, գլխաւորութեամբ եկեղեցւոյ երէց՝ Արժ. Տ. Յուսիկ Քհնյ. Հէրկէլեանի եւ ատենապետ՝…

ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

Ինչպէս ծանօթ է՝ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ պատահած աղիտալի պայթումի առթիւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը 7 Օգոստոս 2020 թուականին կոչ ուղղած էր մեր համայնքի ազնիւ զաւակներուն որպէսզի իրենց կարելիութիւնները…

ՈՒԽՏԱԳՆԱՑՈՒԹԻՒՆ ԴԷՊԻ ԱՂԹԱՄԱՐ

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ՄԱՏՈՒՑՈՒԵՑԱՒ ԱՂԹԱՄԱՐԻ Ս. ԽԱՉ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ Աւանդական դարձած Աղթամարի ուխտագնացութիւնն ու Ս. Պատարագը կատարուեցաւ անցեալ շաբաթավերջին՝ 6 Սեպտեմբեր 2020, Կիրակի առաւօտ։ Անցեալ Ուրբաթ, 4 Սեպտեմբեր 2020, միջօրէին սկսաւ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Ինչպէս ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, համավարակի պատճառաւ մեր համայնքային վարժարանները եւս կրթական գործընթացը հարկադրաբար կը կատարեն հեռակայ դրութեամբ, որ կ’ենթադրէ համակարգիչի մը կարիքը։ Իսկ կարգ մը աշակերտներ չունին համակարգիչ…

ՀՐԱՒԷՐ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հայրը, համայնքային վարժարաններու շէնքերուն երկրաշարժի տոկունութեան մասին խորհրդակցելու օրակարգով 1 Սեպտեմբեր 2020, Երեքշաբթի, Ժամը 15.00-ին, Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ Պէզճեան Սրահին մէջ, ժողովի կը հրաւիրէ «ԷՐՎԱՊ»ի…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հրաւէրով 31 Յունուար 2020-ին Պատրիարքարանի մէջ կայացած էր խորհրդակցական հանդիպում մը, նախագահութեամբ Նորին Ամենապատուութեան։ Այս հանդիպումին ընթացքին յայտնուած էր թէ Պատրիարքական Աթոռը կը հետաքրքրուէր մեր…

ԿԷՏԻԿՓԱՇԱՅԻ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԱՅՑԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 28 Օգոստոս 2020, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Կէտիկփաշայի Ս. ՅովհաննէսԵկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի անդամները, առաջնորդութեամբ Հոգեւոր Հովիւ՝ Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեանի։ Հիւրերը քաղաքավարական այցելութիւն…