ԱԹՈՌՈՅՍ “HAY MENTEE-MENTOR” ԾՐԱԳԻՐԸ ԿԸ ՇԱՐՈՒՆԱԿԷ ԻՐ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր հովանաւորութեամբ ու օրհնութեամբ գործող «HAY MENTEE-MENTOR» երիտասարդաց ծրագիրը, Յունուար ամսուան մէջ շարունակեց իր գործունէութիւնը։ Հակառակ թագաժահրի (քորոնա) համավարակի շարունակուող սահմանափակումներուն, ծրագիրը կը շարունակէ իր գործունէութիւնը՝…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԹՈՒՐՔԻՈՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՅՈՑ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐ ԱՐՀ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԶԷՔԻԵԱՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 29 Յունուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին, Պատրիարքարանի պաշտօնական ընդունարանին մէջ ընդունեց Թուրքիոյ Կաթողիկէ Հայոց Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, ընկերակցութեամբ՝ Գերպ. Տ. Աբրահամ Ծ….

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԵՑ «ՄԱՐՄԱՐԱ» ՕՐԱԹԵՐԹԻ ԽՄԲԱԳՐԱՊԵՏ ՌՈՊԷՐ ՀԱՏՏԷՃԵԱՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 26 Յունուար 2020, Երեքշաբթի, «Մարմարա» Օրաթերթի խմբագրապետ եւ Պոլսահայ հանրածանօթ մտաւորական՝ Ռոպէր Հատտէճեանը շնորհաւորեց, իր ծննդեան 95 ամեակին առթիւ։ Պատրիարք Հայրը, ողջունելով Ռոպէր Հատտէճեանի տարեդարձը,…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Պատկառելի Կրօնական Ժողովի Ատենապետ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի առողջական հարցերու կապակցութեամբ համացանցի վրայ կարգ մը լսումներու հրապարակման կապակցութեամբ, ստորեւ կը տրուի Պատրիարքական Աթոռի լուսաբանութիւնը։…

ԱԹՈՌՈՅՍ «ՄԷՆԹԻ-ՄԷՆԹՕՐ» ԾՐԱԳՐԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐ ԱՆԳԱՐԱՅԻ ՄԷՋ

Հանրապետութեան Նախագահութեան Դիւանապետներէն՝ Հասան Տօղանի հիւրընկալութեամբ, 22 Յունուար 2021, Ուրբաթ, ժամը 13.30-ին, Հայ, Յոյն, Ասորի եւ Հրեայ համայնքներէ երիտասարդներ հիւրնկալուեցան Հանրապետական Համալիրին մէջ։ Սոյն հանդիպման յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս մասնակցեցան, Պատրիարքական…

ՍԱՀԱԿ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Սեւ Ծովեան Տնտեսական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան (ՍԾՏՀԿ) մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան մշտական ներկայացուցիչ Սահակ Սարգսեան, 20 Յունուար 2021, Չորեքշաբթի, ժամը 15.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հօր կողմէ։ Հիւրին…

ՊՐՈՒՍԱՅԻ ՄԷՋ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՇԷՆՔԻ ՄԸ ՎԱՃԱՌՔԻ ՀԱՆՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Համացանցային էջերէն ցաւով տեղեկացանք թէ, վերջերս Պրուսայի մէջ եկեղեցւոյ շէնք մը վաճառքի հանուած էր։ Ինչպէս ծանօթ է Անատօլուի հողերուն վրայ գտնուող բոլոր աղօթատեղիները մեր երկրին մշակութային հարստութիւններն են։ Գործօն եկեղեցիներ,…

ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀՕՐ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԸ ՆՇՈՒԵՑԱՒ

Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքական Աթոռը 11 Յունուար 2020-ին օժտուած էր 85րդ գահակալով՝ յանձին Ամենապատիւ Տէր Սահակ Սրբազան Եպիսկոպոսի։ 11 Յունուար 2021, Երկուշաբթի, ժամը 16.00-ին, Ս. Աստուածածին Աթոռանիստ Մայր Տաճարի մէջ, Նորին…

ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՕԺԱՆԴԱԿՈՒԹԵԱՆ ՅԱՆՁՆԱԽՈՒՄԲԻ ԱՆԴԱՄՆԵՐՈՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 8 Յունուար 2021, Ուրբաթ, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Պատրիարքութեան Ընկերային Օժանդակութեան Յանձնախումբի անդամները, առաջնորդութեամբ՝ Յանձնախումբի Ատենապետ Խաչիկ Ճանէլի։ Քորոնա Համավարակի սահմանափակումները նկատի ունենալով նուազ թիւով անդամներ…