ՃԻՊՐԱԼԹԱՐԻ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Ճիպրալթարի Եւրոպայի Արքեպիսկոպոս՝ Ռոպէրթ Իննէս, ընկերակցութեամբ դիւանապետ՝ Հայր Մէուրիկ Ուիլյըմսի, 5 Մայիս 2015, Երեքշաբթի, ժամը 11.00-ին, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի…

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԺՈՂՈՎ ՊԱՐԻԻ ՄԷՋ

Անցեալ շաբաթ 29-30 Ապրիլ թուականներու միջեւ, Իտալիոյ Պարի քաղաքին մէջ տեղի ունեցաւ միջեկեղեցական հաւագոյթ մը, որուն յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ ներկայ եղաւ Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան։  «Քրիստոնեաներ…

Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԵՒ ՀՈԳԵՀԱՆԳՍՏԵԱՆ ՊԱՇՏՕՆ ԱԹՈՌԱՆԻՍՏ ՄԱՅՐ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

24 Ապրիլ 2015 թուականը կատարուած հոգեւոր հանդիսութիւններով յիշարժան ու յատկանշական օր մը դարձաւ Թրքահայութեան համար։ Պատրիարքական Աթոռի բարձր տնօրինութեամբ յիշատակուեցան 1915-ի վասն հաւատոյ զոհուած եւ նորոգ սրբադասեալ նահատակները։ Առաւօտեան կանուխ…

ԱՐՀ. Տ. ԼԵՒՈՆ ԱՐՔԵՊՍ. ԶԷՔԻԵԱՆԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Պոլսոյ Կաթողիկէ Հայոց Առաքելական Կառավարիչ Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեան, 22 Ապրիլ 2015, Չորեքշաբթի, յետ միջօրէին այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Լեւոն…

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ՓՈԽԱԴԱՐՁ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՄՈՆՍ. ԵՈՒՍՈՒՖ ՍԱՂԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, 17 Ապրիլ 2015, Ուրբաթ, փոխադարձ այցելութիւն տուաւ Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղին։ Նորին…

ՍՈՒՐԲ ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանի եւ Արժ. Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանի, 16 Ապրիլ 2015, Հինգշաբթի,…

Ս. ԶԱՏԿԻ ԱՌԹԻՒ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, իր հետ ունենալով Միջկրօնական-Միջեկեղեցական Բաժանմունքի վարիչ՝ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան եւ Հոգշ. Տ. Զատիկ Աբղ. Պապիկեանը, 12 Ապրիլ 2015, Կիրակի,…

ՄՈՆՍ. ԵՈՒՍՈՒՖ ՍԱՂԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Ասորի Կաթոլիկ Պատրիարքական Փոխանորդ Մոնս. Եուսուֆ Սաղ, իր հետ ունենալով Տ. Օրհան Չանլը Քահանան, 8 Ապրիլ 2015, Չորեքշաբթի, ժամը 16.00-ին Ս. Յարութեան Տաղաւարը շնորհաւորելու համար այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական…

ՊԱԶԷԼԷ ՈՒԽՏԱՒՈՐՆԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Պազէլէ ուխտաւորաց խումբ մը 30 Յունուար 2015, Ուրբաթ, ժամը 16.00-ին, այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիս. Աթէշեանի կողմէ։ Հիւրերը, Հայ Եկեղեցւոյ մասին տեղեկութիւններ ստանալու համար…

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ԵՆԻԳԱԲՈՒԻ Ս. ԹԱԴԷՈՍ- Ս. ԲԱՐԹՈՂԻՄԷՈՍ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցիներու Միութեան Համար Աղօթքի Շաբթուան առիթով, 19 Յունուար 2015, Երկուշաբթի, ժամը 18.00-ին, Ենիգաբուի Ս. Թադէոս- Ս. Բարթողիմէոս Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։ Արարողութեան հանդիսապետեց ու քարոզեց Պատրիարքական Աթոռոյ Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի…