ՅՈՒՆԱՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ԶԱՏԿԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ

Ս. Զատկի տօնին առիթով, 13 Մայիս 2013, Երկուշաբթի, ժամը 10.00-ին, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, ընկերակցութեամբ Միջկրօնական-Միջեկեղեցական բաժնի վարիչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի, Պատկ. Կրօնական…

ՅՈՅՆԵՐՆ ՈՒ ԱՍՈՐԻՆԵՐԸ ԵՒՍ ՏՕՆԵՑԻՆ Ս. ԶԱՏԻԿԸ

Ինչպէս ծանօթ է, Յոյն եւ Ասորի եկեղեցիները Ս. Յարութեան Տաղաւարը կը տօնեն ըստ հին տոմարի։ Յուլեան տոմարի Ս. Զատիկը այս տարի կը զուգադիպէր 5 Մայիս 2013, Կիրակի օրուան։ Ըստ աւանդութեան՝…

ՅՈՒՆԱՑ ՏԻԵԶԵՐԱԿԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ՇՆՈՐՀԱՒՈՐԱԿԱՆ ԱՅՑԸ

Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքը իր հետ ունենալով Սուրբ Սինոտի երրորդ քարտուղար՝ Փաիսոս Սարկաւագը, 4 Ապրիլ 2013, Հինգշաբթի, ժամը 14.30-ին Ս. Յարութեան Տաղաւարը շնորհաւորելու համար այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական…

ՀՌՈՄԻ ՔԱՀԱՆԱՅԱՊԵՏԻ ԳԱՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԻՒՆԸ

Նորին Սրբութիւն Ֆրանսիս Ա. Քահանայապետ, 19 Մարտ 2013, Երեքշաբթի, յատուկ հանդիսութեամբ գահակալեց եւ մատուցանեց անդրանիկ Ս. Պատարագը, որուն ներկայ եղաւ Հայ Եկեղեցւոյ պատուիրակութիւնը։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս, հանդիսութեանց մասնակցեցան Պատրիրարքական Ընդհանուր…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՓՈԽԱՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՎԱՏԻԿԱՆ ԺԱՄԱՆԵՑ

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան եւ Պատկառելի Կրօնական Ժողովոյ Ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանը,18 Մարտ 2013, Երկուշաբթի կէսօր, Ն.Ս.Տ.Տ.  Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի եւ իր…

ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՀԱՄԱՅՔՆԵՐՈՒ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐ ՄԷՐՔԷԼԻ ՀԵՏ

Վարչապետ Ռէճէպ Թայյիպ Էրտօղան իր պաշտօնական բնակարանին մէջ ընդունեց Գերմանիոյ Վարչապետ Անկելինա Մէրքէլը։ 25 Փետրուար 2013, Երկուշաբթի երեկոյեան, կայացած ընդունելութեան ներկայ գտնուեցան Թուրքիոյ կրօնական համայքներու ներկայացուցիչները։ Յանուն Պատրիարքական Աթոռոյս հանդիպումին…

ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕՐԹԱԳԻՒՂԻ Ս. ԱՍՏՈՒԱԾԱԾԻՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Եկեղեցիներու միութեան աղօթքի շաբթուան առիթով, 14 Յունուար 2013, Երկուշաբթի, ժամը 18.00-ին, Օրթագիւղի Ս. Աստուածածին Եկեղեցւոյ մէջ կատարուեցաւ միջեկեղեցական պաշտամունք։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս.ի տնօրինութեամբ արարողութեան հանդիսապետեց…

ԹԷԶԷ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՆԵՐԸ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԷՋ

Թէզէ միաբանութեան անդամները, որ 3-6 Յունուար 2013 թուականներուն կը գտնուին քաղաքս, ուղեկցութեամբ իրենց առաջնորդ՝ Եղբայր Ալուաի, 4 Յունուար 2013, Ուրբաթ, ժամը 17:30-ին այցելեցին Պէյօղլուի Ս. Երրորդութիւն Եկեղեցի։ Միջեկեղեցական միաբանութեան հարիւր…

ՇՆՈՐՀԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ Ս. ԾՆՆԴԵԱՆ ՏՕՆԻՆ ԱՌԹԻՒ

Ս. Ծննդեան տօնին առիթով 25 Դեկտեմբեր 2012, Երեքշաբթի, շնորհաւորական այցելութիւններ տրուեցան քաղաքիս քոյր յարանուանութեանց հոգեւոր պետերուն։ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպս. Աթէշեան, Գերշ. Տ. Սահակ Ս. Եպս….

ԱՍՏՈՒԱԾԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ՈՒՍՈՒՑՄԱՆ ԿԱՐԵԼԻՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒ ՍՏԵՂԾՄԱՆ ՄԱՍԻՆ

Հայոց եւ Յունաց Պատրիարքներու 10 Սեպտեմբեր 2005 Շաբաթօրուան խորհրդակցութեան լուրին Պատրիարքարանի կայքէջինմիջոցով հրապարակումէն յետոյ, որոշ օրաթերթեր §ԵրկուՊատրիարքները՝ հակադրուած¦, §Պատրիարքները տարբերգաղափարներ ունին¦, §Յունաց եւ Հայոց Պատրիարքներըտարակարծութիւններ ունին¦ խորագրերով լուրին արձագանգհանդիսացան։ Մամուլէն…