ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ ՕՐՀՆՈՒԹԵԱՆ ԳԻՐ ՏՈՒԱՒ ՀՈԳԱԲԱՐՁՈՒԹԵԱՆ

ՀԱՅՐԱԿԱՆ ՈՂՋԱՅՆ ԵՒ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆ ՍՈՒՐԲ ՓՐԿԻՉ ԱԶԳԱՅԻՆ ՀԻՒԱՆԴԱՆՈՑԻ ՀԻՄՆԱՐԿՈՒԹԵԱՆ ՏԱՐԵԴԱՐՁԻՆ ԱՌԹԻՒ   Այսօր Համբարձման Տօնն է։ Այս տօնը բոլորիս համար հոգեւոր ուրախութեան առիթ է։ Որովհետեւ Աստուծոյ Միածին Որդին Հօր Աստուծոյ…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆՊՈՒԼԱՀԱՅ ՄԱՄԼՈՅ ՄԱՍԻՆ

Ծանօթ է մեր համայնքի անդամներուն, թէ տարւոյս Մարտ ամիսէն ի վեր Քորոնա Ժահրի համավարակի պատճառաւ ամբողջ աշխարհ կ’ապրի տագնապ մը։ Նոյն տագնապին մէջ է նաեւ ամբողջ Թուրքիա եւ բնականաբար մեր…

ՆԱՄԱԿ ՊԷՅՕՂԼՈՒԻ ԵԿԵՂԵՑԵԱՑ ԹԱՂԱՅԻՆ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻՆ

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը ի տես Էսաեան Վարժարանի զոյգ տնօրէններու դէմ յանդիման մնացած անարդար ու անընդունելի վերաբերմունքին, հետեւեալ նամակը կ’ուղարկէ Պէյօէլուի Ս. Եկեղեցեաց Թաղային Խորհուրդին. 16 Մայիս 2020 12139…

ԼՈՒՍԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌՈՅ Ի ՄԱՍԻՆ ՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԱՑ

Համաճարակի պատճառաւ ցնցուած համայնքային տնտեսական վիճակի ամենէն բեկումնային գծին վրայ կը գտուին սահմանափակ եկամուտ ունեցող մեր վարժարանները եւ անոնց ելեւմտական լուրջ բացերը։ Այս ուղղութեամբ Պատրիարքական Աթոռին դիմում ներկայացուցած վարժարաններու համար…

ՄԱՄԼՈՅ ՀԱՂՈՐԴԱԳՐՈՒԹԻՒՆ

Ցաւով տեղեկացանք թէ, «Կէրչէք Հայաթ» անուն պարբերաթերթի սիւնակներուն մէջ զրպարտիչ ու մրոտող յօդուած մը գրի առնուած է, որուն ներգրաւուած է նաեւ Թուրքիոյ Հայոց Հոգելոյս Շնորհք Պատրիարքի անունը։ Անոր առընթեր, նոյն…

ՀԱՆՐԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ՆԱԽԱԳԱՀ ՐԷՃԷՊ ԹԱՅՅԻՊ ԷՐՏՈՂԱՆԻ 24 ԱՊՐԻԼԻ ԱՌԹԻՒ ՈՒՂԵՐՁԸ

Ամենապատիւ Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարք Հայ համայնքի թանկագին անդամներ, Ձեզ կ՚ողջունեմ սիրով ու յարգանօք։ Երբ աշխարհով մէկ կ’անցնինք այս դժուարին օրերէն, մեր հայրենակիցներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող զօրակցութիւնը հետզհետէ…

Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ 24 ԱՊՐԻԼԻ ՊԱՏԳԱՄԸ  

Այսօր 24 Ապրիլ է: Տխրահռչակ օրն է  յիշատակման՝ մեր ազգի դար մը առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան: Մեր պատմութեան ամենէն թանձրախաւար շրջանի մը սկիզբը խորհրդանշող չարաղէտ թուական մը, որ կը ծրէ…

ՊԱՏՐԻԱՐՔԱԿԱՆ ԱԹՈՌԸ ՄԱՍՆԱԿՑԵՑԱՒ ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐ ՆԻՒԹՈՎ ՄԻՋԿՐՕՆԱԿԱՆ ԲԱՆԱԽՕՍՈՒԹԵԱՆ ՄԸ

Յանուն Ն.Ա.Տ. Սահակ Պատրիարք Սրբազան Հօր, Կրօնական Ժողովոյ անդամներէն ու Միջեկեղեցական յարաբերութեանց պատասխանատու Արժ. Տ. Տրդատ Աւ. Քհնյ. Ուզունեան 22 Ապրիլ 2020, Չորեքշաբթի երեկոյեան մասնակցեցաւ բանախօսութեան մը, որ կը կազմակերպուէր…

ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ Գ. – ՔՈՐՈՆԱ ԺԱՀՐԻ ԿԱՆԽԱԶԳՈՒՇԱՑՈՒՄ

Քորոնա ժահրի յառաջացուցած վարակի պատճառաւ ներհամայնքային զօրակցութիւն ապահովելու առաջադրութեամբ Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Սրբազան Հօր տնօրինութեամբ եւ օրհնութեամբ արդէն իսկ համակարգեալ աշխատանքները սկսած են։ Այս ուղղութեամբ կազմուած օժանդակութեան համակարգիչ յանձնախումբին…

ՆԵՐՀԱՄԱՅՆՔԱՅԻՆ ԶՕՐԱԿՑՈՒԹԵԱՆ ԱՇԽԱՏԱՆՔՆԵՐ

Քորոնա ժահրի յառաջացուցած վարակի պատճառաւ ներհամայնքային զօրակցութիւնը ապահովելու առաջադրութեամբ իրագործելի համակարգեալ աշխատանքները յարմար դատուած է որ Հայ Հիմնարկներու Միութեան երդիքին տակ կատարուին։ Որովհետեւ համայնքի աղքատ եւ տարեցներուն հասնելու նպատակաւ այժմու…