“CHRISTIANITY FUNDAMENTAL TEACHINGS” ԳԻՐՔԸ ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԵՑԱՒ

Kategori: Եկեղեցական,Կարճ լուրեր,Միջեկեղեցական,Փաստաթուղթեր

KJTZ8279temel ilkeleriyle -ingilizce .. (1)Թուրքիոյ Եկեղեցիներու Հասարակաց Յանձնախումբը, իր վերջին նիստը 29 Յունուար 2018, Երկուշաբթի, ժամը 11.00ին, Պատրիարքարանի մէջ։ Յոյն, Ասորի, Կաթոլիկ եւ Աւետարանական Եկեղեցիներու ներկայացուցիչները յանուն Պատրիարքական Աթոռոյ հիւրընկալուեցան Միջեկեղեցական-Միջկրօնական Բաժանմունքի Տեսուչ Գերշ. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։ Ներկայ էին նաեւ Հոգշ. Տ. Յարութիւն Աբղ. Տամատեան՝ որպէս ատենադպիր եւ Արժ. Տ. Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան՝ որպէս ընդհանուր համակարգող եւ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Տնօրէն Թամար Քարասուն։

Ժողովականներ, ուրախութեամբ վերահասու եղան թէ՝ յանձնախումբի կողմէ հրատարակութեան պատրաստուած “Christianity Fundamental Teachings” (Հիմնական սկզբունքներ Քրիստոնէական Կրօնի) գիրքը հրատարակուած էր Սուրբ Գրոց ընկերութեան կողմէ։ Սոյն գիրքը Անգլերէն թարգմանութիւնն է 2015-ին հրատարակուած “Temel İlkeleriyle Hristiyanlık” աշխատութեան։ Յիշեալ գիրքը լոյս տեսած է՝ Յունաց Ն.Ս.Տ.Տ. Բարթոլոմէոս Ծայրագոյն Պատրիարքի, Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Գարեգին Արքեպս. Պէքճեանի, Ասորի համայնքի Պատրիարքական Փոխանորդ Գերշ. Մոր Ֆիլիւքսինոս Արքեպս. Չէթինի, Թուրքիոյ Կաթողիկէ Եպիսկոպոսաց Խորհրդաժողովի Ատենապետ ու Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր Արհ. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի եւ Թուրքիոյ Աւետարանական Եկեղեցիներու Միութեան Ատենապետ Վերապատուելի Իհսան Էօզպէքի օրհնութեամբ։ Ժողովականներ գաղափարի փոխանակումներ ունեցան նաեւ գիրքի շնորահանդէսին մասին։

Այնուհետեւ, 3 Փետրուար 2018, Շաբաթ, առաւօտ Տեղապահ Սրբազան Հօր հիւրընկալութեամբ Հայոց Պատրիարքարանի մէջ տեղի պիտի ունենայ այս ընտիր գիրքի շնորահանդէսը, որուն իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն եկեղեցիներու առաջնորդներ, բազմաթիւ եկեղեցականներ ու հիւրեր։