«KISMET TABİ» ԳԻՐՔԷՆ ՆՄՈՅՇ ՄԸ ԸՆԾԱՅՈՒԵՑԱՒ ՆՈՐԻՆ ԱՄԵՆԱՊԱՏՈՒՈՒԹԵԱՆ

Kategori: Աշխարհական,Կարճ լուրեր

WhatsApp Image 2021-02-01 at 15.25.31

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Պատրիարք Հայրը, 1 Փետրուար 2021, Երկուշաբթի, ժամը 14.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Աննա Մարիա Պէյլունիօղլուն եւ Էօզկիւր Քայմաքը։

Հիւրերը, քաղաքավարական սոյն այցելութեամբ իրենք զիրենք ծանօթացնելէ յետոյ, տեղեկութիւն տուին վերջերս լոյս տեսած «Kısmet Tabi» գրքին մասին։ Գիրքը կը ներկայացնէ Ստանպուլի Յոյն, Հրեայ եւ Հայ համայնքներու մէջ տեղի ունեցած խառն ամուսնութիւնները։ Զրոյցի աւարտին, հիւրերը իրենց իսկ հեղինակած գիրքէն նմոյշ մը ընծայեցին Նորին Ամենապատուութեան։

Պատրիարք Հայրը, սոյն քաղաքավարական այցելութեան առիթով շնորհակալութիւն յայտնեց։ Նորին Ամենապատուութիւնը, գրքի բովանդակութենէն ուղղուելով, խառն ամուսնութեանց մասին ընդհանրապէս իր մտածումները յայտնելէ յետոյ, հիւրերուն կարողութիւն մաղթեց իրենց ապագայ գործունէութեանց մէջ։