ՀՈԳԵՒՈՐ ՀԱՄԵՐԳ ՁՕՆՈՒԱԾ՝ ՇՆՈՐՀՔ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԴԱՐԱԴԱՐՁԻՆ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

0

Պատրիարքական Ս. Աթոռոյ երանաշնորհ գահակալներէն Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100 ամեակին ձօնուած հոգեւոր համերգը իրականացաւ 9 Դեկտեմբեր 2013, Երկուշաբթի գիշեր, քաղաքիս Սէնթ Անթուան Լատին Եկեղեցւոյ մէջ, հանդիսապետութեամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։ Ներկայ էին նաեւ Պատրիարքական Աթոռոյ հոգեւորականաց ու սարկաւագաց դասերը, տեղւոյն վանատան ներկայացուցիչ վարդապետը, Վիեննական Մխիթարեաններէն՝ Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեան։ Եկեղեցին լեցուած էր հոծ բազմութեամբ, որոնք եկած էր յարգելու համար իր երանաշնորհ Հովուապետի բարի յիշատակը։

Հանդիսականներ եկեղեցւոյ բեմին վրայ կը տեսնէին Շնորհք Պատրիարքի գեղեցիկ մեծադիր իւղանկարը, որ աշխատութիւնն է ծանօթ արուեստագէտ Էրօլ Սարաֆեանի։

Բացման խօսքով հանդէս եկաւ  Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ ատենապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու յայտնեց թէ այս հոգեւոր համերգը Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան 100 ամեակին ձօնելի հանդիսութեանց բացումը կը համարուէր։

«Ե՞րբ էր տակաւին, որ այս քաղաքէն անցաւ Շնոհք Պատրիարք մը ու թողուց հետքեր՝ կարեւոր ու անմոռանալի… Պարզ ու համեստ անձնաւորութիւն մը, խոր հաւատքի տէր հոգեւորական մը եւ խնկաբոյր հովուապետ մըն էր ան։ Ամենադժուար օրերու Պատրիարքն էր, որ ցուպ ի ձեռին հովուեց իր հօտը քաջութեամբ։ Այս տարի Երանաշնորհ գահակալին ծննդեան 100 ամեակն է եւ իր հոգին որքա՜ն պիտի հրճուի իր ժողովուրդի զաւակներուն ներկայութեամբ այս իրիկուն։ Բարի եկաք ու պատուեցիք Մեր Երանաշնորհ Պատրիարքի յիշատակը։
Այո, հաւաքուած ենք այստեղ իր անուան ձօնուած երաժշտական ունկնդրութեան մը ներկայ գտնուելու համար։ Այս երեկոյթը ձեւով մը 100 ամեակի հանդիսութեանց բացման հանգրուանն է։ Պատրիարքական Աթոռս յառաջիկայ տարուան մէջ ծրագրած է զանազան ձեռնարկներ Շնորհք Պատրիարքի ծննդեան դարադարձին առթիւ, որոնց կարգին են համերգ մը ու ամենակարեւորը՝ իր աշխատասիրութիւններուն վերահրատարակութիւնը։ Լիայոյս ենք նաեւ, թէ մեր համայնքային զանազան մարմիններ պիտի փափաքին իրենք ալ կազմակերպել զանազան երեկոյթներ կամ մասնակցութիւն պիտի ուզեն բերել կատարելի ձեռնարկներուն։
Այս երեկոյ մենք պիտի ունկնդրենք Արթիւր Պաղտասարեանի մեներգները, որուն երգեհոնով պիտի ընկերանայ Էտվին Կալիպեան։ Այս երաժշտական ունկնդրութեան համար ընտրուեցաւ յատկապէս այս եկեղեցին, որովհետեւ երաժշտական առումով միակ նպատակայարմար խողովակաւոր երգեհոնը (փայփ օրկ) եւ լաւագոյն ունկնդրութեան մթնոլորտը այս երդիքին տակ կը գտնուէր։
Կու գանք ջերմագինս շնորհակալութիւն յայտնել Սէնթ Անթուան Լատին Եկեղեցւոյ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան մեծաւոր վարդապետին։ Շնորհք Պատրիարք Հայրը Սուրբ Երկրի իր լուսարարապետութեան տարիներէն սկսեալ եղած էր Ֆրանչիսկեան միաբանութեան բարեկամ։ Եւ ինքն էր, որ իբրեւ միջեկեղեցական յարաբերութեանց քաջալերող, միշտ անձամբ կը նախագահէր այս եկեղեցւոյ կամարներուն տակ տեղի ունեցող միջեկեղեցական աղօթքի օրերուն։
Կþուզենք նաեւ շնորհակալութիւն յայտնել մերազն Համայնքային ու Թաղային մարմիններու վարչութեանց, Սանուց Միութեանց, Համայնքային վարժարաններու տնօրէնութեանց ու աշակերտութեանց, ազգօգուտ մամլոյ եւ մերազն ժողովրդեան, որոնք եկան ու պատուեցին այս երեկոյթը։
Թող անթառամ մնայ Աթոռոյս Երանաշնորհ գահակալին բարի ու խնկելի յիշատակը։
Բարի ունկնդրութիւն կը մաղթենք»։

Ապա իր մենահամերգին համար բեմ բարձրացաւ Արթիւր Պաղտասարեան, որուն երգեհոնով կ՚ընկերանար Յարութիւն Էտվին Կալիպեան։

Յայտագիրը սկսաւ Այտընեան Պատարագէ «Խորհուրդ Խորին», «Հրաշափառ Աստուած» եւ «Թագաւոր Երկնաւոր»ով։ Ապա Պաղտասարեան երգեց «Յայս Յարկ»ը եւ «Ընտրեալդ»ը Էտկառ Մանասի դաշնաւորումով։ Երգեհոնի մենանուագով հանդէս եկաւ Կալիպեան ու նուագեց Ալան Յովհաննէսի «Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչի Աղօթք»ը։ Յուզիչ էր Կոմիտաս Վարդապետի դաշնաւորումով «Ոտնլուայի Երգեր»ը՝ «Այսօր կանգնեցաւ», «Այս խորհուրդ լցաւ», «Տէր, քոյին…», «Ահա ազատեա…», «Սիրտ իմ սասանի», որոնք աւելի ծանօթ էին հանրութեան։

Էտվին Կալիպեան վերստին մենանուագով հանդէս եկաւ Մակար Եկմալեանի դաշնաւորումով «Ամէն։ Հայր Սուրբ»ով, Արամ Խաչատուրեանի՝ «Invention»ով եւ Ռոպերթ Աթայեանի «Տիրամայրն հանդէպ»ով։

Յայտագիրը շարունակուեցաւ «Առաւօտ Լուսոյ»ով, Եդուարդ Յակոբեանի, «Անկանիմ առաջի քո»ով ու «Ողորմեա ինձ Աստուած»ով, Գ. Արմենեանի եւ «Մայր եւ Կոյս»ով՝ Արա Պարթեւեանի դաշնաւորումով։Յայտագրի նուազ ծանօթ մասերէն էր Սիամանթոյի երկի «Սուրբին աղօթքը» բաժնէն «Սուրբ Մեսրոպ» հատուածը, Սիրվարդ Գարամանուկեանի դաշնաւորումով։

«Գթա Տէր» հանգստեան շարականի Ա. Յարութիւնեանի մշակումը կազմեց յայտագիրի վերջընթեր կտորը, որ յուզիչ էր իր մասնաւոր իմաստով։

Հոգեւոր համերգը իր աւարտին հասաւ «Հայր մեր»ի Կոմիտասեան դաշնաւորումով, որ ունկնդրուեցաւ յոտնկայս։

1

  • 5
  • 6
  • 7
  • 3
  • 2