TREASURES OF FAITH (ՀԱՒԱՏՔԻ ԳԱՆՁԵՐ) ԳԻՐՔԸ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱՒ

Kategori: Կարճ լուրեր

kirkԵրկարատեւ աշխատութենէ մը յետոյ վերջերս լոյս տեսաւ, Treasures of Faith գիրքը, շքեղ եւ գունաւոր տպագրութեամբ։  Գրքի պատրաստուած է Մինէսոթայի Համալսարանէն Փրօֆ. Տքթ. Ռոնալտ Մարիս, Արեւմտեան Միշիկընի Համալսարանէն  Փրօֆ. Տքթ. Մարլէն Պրէու եւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։ Այս հատորը, կ՚ընդգրկէ Պոլսահայ եկեղեցիներու մէջ գործածուած մետաղեայ անօթներու, սաղաւարտներու եւ խոյրերու, սկիհներու, խաչերու եւ այլ իրերու նկարագրութիւնները եւ անոնց արձանագրութիւնները։

Գիրքը կը սկսի համառօտ պատմականով քաղուած Հայ Ժողովուրդի պատմութենէ։ Առաջին բաժինին մէջ համառօտ տեղեկութիւններ կը տրուին Պոլսահայ Համայնքի պատմութեան մասին, որմէ յետոյ երկրորդ բաժնին մէջ դարձեալ տեղեկութիւններ կը տրուին, այս անգամ Թրքահայոց Պատրիարքութեան մասին։ Երրորդ բաժինէն սկսեալ տեղեկութիւններ կը տրուի եկեղեցիներու մէջ գործածուած մետաղեայ իրերու մասին։

Գրքի նկարներու աշխատանքը կատարուած է երկու Փրօֆ. հեղինակներու առընթեր, Վազգէն Տէյիրմէնթաշի եւ Արման Իսփիրօղլուի կողմէ։

Գիրքը կը բաղկանայ 440 էջերէ եւ գրի առնուած՝ Անգլերէն։ Շարունակութիւնն է, 2010-ին Պոլսոյ եկեղեցիներու մէջ գործածուած ձեռագործերներու մասին հրատարակուած գրքին։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը, որ Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր տնօրինութեամբ կոչուած էր լուսարարապետութեան պաշտօնին, յատուկ հետաքրքրութիւն ցոյց տուած էր այս գիրքերու պատրաստութեան գործին։