ԱՄԵՆ. Ս. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՀԱՄԱՅՆՔԻ ՎԻՃԱԿԱՒՈՐԸ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Սրբազան Պատրիարք Հայրը երէկ ընդունեց Թուրքիոյ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի Վիճակաւոր Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանի  այցելութիւնը։ Յետ միջօրէի կայացած այցելութեան Արհիապատիւ Տիրոջ կ՚ընկերանային Գերյ. Տ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեան, Գերյ. Տ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆրաթեան եւ Հ. Միքայէլ Վրդ. Ուչար։ Հանդիպման ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Պատրիարքարանի Դիւանապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան։

Արհիապատիւ Տ. Լեւոն Արքեպիսկոպոս սոյն հանդիպման ընթացքին անգամ մը եւս շնորհաւորեց Նորին Ամենապատուութեան գահակալութիւնը յԱթոռ Պատրիարքական եւ որպէս յիշատակ նուիրեց Ս. Գրիգոր Նարեկացիի շքանշանը։

2020 KERABAYDZAR

Զանազան հարցերու մասին եղած խորհրդակցութեանց աւարտին Նորին Ամենա­պատուութիւնը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան ու նուէրին համար, զոր կը նկատէր որպէս նշան եղբայրութեան։

2020 NAREGATSI