ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ԿՈՒՍԱԿԱԼԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 12 Յուլիս 2019, Ուրբաթ, ժամը 17.15-ին, նախապէս առնուած ժամադրութեան համաձայն այցելեց Կուսակալութիւն եւ ընդունուեցաւ Ստանպուլի Կուսակալ Ալի Երլիքայայի կողմէ։ Նորին Սրբազնութեան ուղեկցեցան Պատրիարքական Աթոռոյ Լուսարարապետ՝ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան եւ Պատկ. Կրօնական Ժողովոյ անդամ՝ Արժ. Տ. Գրիգոր Աւ. Քհնյ. Տամատեան։

2019 VALI ILK ZIYARET

Մօտ կէս ժամուան մտերմիկ ընդունելութեան ընթացքին Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց մեծայարգ Կուսակալին մօտիկ հետաքրքրութեան համար։ Իսկ Կուսակալ Երլիքայա շնորհաւորելով Նորին Սրբազնութիւնը յաջողութիւն մաղթեց իրեն ու շեշտեց, թէ իրենք պատրաստ են միշտ համայնքին նեցուկ կանգնելու։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը եւ ընկերակիցները շնորհակալութիւն յայտնելով հրաժեշտ առին մեծայարգ Կուսակալէն։