ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆ ՍՏԱՆՊՈՒԼԻ ՄԱՅՐ ՔԱՂԱՔԱՊԵՏԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, իր հետն ունենալով Դիւանապետ Գերպտ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեանն ու Արժ Տ. Շիրվան Քհնյ. Միւրզեանը 13 Սեպտեմբեր 2019, Ուրբաթ, ժամը 11.00-ին այցելեց Ստանպուլի Մայր Քաղաքապետ՝ Էքրէմ Իմամօղլուին։ Շքախումբին մաս կը կազմէին նաեւ Սելինա Տօղան, Պաքըրգիւղի Ծնունդ Ս. Աստուածածնի Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Մեսուտ Էօզտէմիր եւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ Թաղային Խորհուրդի Ատենապետ՝ Յարութիւն Շանլը։

IMAMOGLU 2
Նորին Սրբազնութիւնը շնորհաւորեց Յարգելի Քաղաքապետը իր նոր պաշտօնին մէջ եւ յաջողութիւն մաղթեց իրեն։
Քաղաքապետ Էքրէմ Իմամօղլու եւս յաջողութիւն մաղթեց Սրբազան Հօր ու շեշտեց, թէ ուրախութեան առիթ էր իրեն համար սոյն այցելութիւնը։ Ան ըսաւ, թէ հաւասարութեան սկզբունքի վրայ հիմնուած է իր քաղաքականութիւնը եւ այդ պիտի ըլլայ իր ծառայութեան դաշտը։

IMAMOGLU 1
Մտերմիկ ու սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացած ընդունելութենէն ետք Տեղապահ Սրբազանը Առողջապահութեան դաշտին մէջ Հայերու ներդրումին մասին Արսէն Եարմանի գիրքը նուիրեց Իմամօղլուին եւ հրաժեշտ առաւ։