ԳԵՐԱԳՈՅՆ ՀՈԳԵՒՈՐ ԽՈՐՀՈՒՐԴԻ ԺՈՂՈՎԸ ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական

Հոկտեմբերի 28-ին Վեհարանի ժողովասրահին մէջ, նախագահութեամբ Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. Գարեգին Բ. Ծայրագոյն Պատրիարք և Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի, սկսաւ Գերագոյն հոգևոր խորհուրդի ժողովը՝ ընդլայնուած կազմով:

Ժողովը բացուեցաւ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի ողջոյնի խոսքով: Իր հայրապետական օրհնութիւնը բերելով ժողովականներուն` Նորին Սրբութիւնը յոյս յայտնեց, որ ինչպէս նախորդ ժողովներու ընթացքին, այնպէս ալ այս ժողովին տեղի կ՚ունենան արդիւնաւէտ քննարկումներ՝ Հայ Եկեղեցին ու ժողովուրդը յուզող զանազան խնդիրներու առնչութեամբ:

KERAKUYN 1
Վեհափառ Հայրապետը ողջունեց նաև ժողովին Կ.Պոլսոյ Պատրիարքութեան Պատրիարքական տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ եպիսկոպոս Մաշալեանի ներկայութիւնը, որ առաջին անգամ այս հանգամանքով կը մասնակցէր ԳՀԽի ժողովին և զեկոյց պիտի ներկայացնէր Պատրիարքարանի հետ առնչուած հարցերու և Կ. Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքի ընտրութեան գործընթացի առնչութեամբ:

KERAKUYN 2
Քառօրեայ ժողովի ընթացքին պիտի քննարկուին Եկեղեցւոյ վարչական, կանոնական ու հովուական կեանքին և կրթական ու ընկերային առաքելութեան հետ առնչուած հարցեր: Մասնավորապէս զեկոյցներ պիտի ներկայացուին 2020 թուականին գումարուելիք Ազգային-եկեղեցական Ժողովի (ԱԵԺ) կազմակերպման ընթացքին, ԱԵԺ օրակարգային նիւթերուն նախապատրաստման նպատակով ստեղծուած եօթը յանձնախումբերուն կատարած աշխատանքի վերաբերեալ: Գերագոյն հոգևոր խորհուրդը զեկոյց պիտի լսէ նաեւ Մայր Տաճարի հիմնանորոգութեան առնչութեամբ: Պիտի քննարկուին Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդաց Միութեան գործունէութեան զօրացման ուղիները: