ԳԵՐՇ. Տ. ԽԱԺԱԿ ԱՐՔ. ՊԱՐՍԱՄԵԱՆ ՄԱՅՐԱՔԱՂԱՔ ԱՅՑԵԼԵՑ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Արեւմտեան Եւրոպայի Հայրապետական Պատուիրակ Գերշ. Տ. Խաժակ Արքեպս. Պարսամեան 4 Փետրուար 2019, Երկուշաբթի այցելեց Մայրաքաղաք՝ Անգարա։ Նորին Սրբազնութիւնը, որուն կþընկերանար Մայր Աթոռոյ միաբաններէն Գերպտ. Տ. Շահէ Ծ. Վրդ. Անանեան, սոյն այցելութիւնը կը կատարէր յանուն Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի եւ նախապէս առնուած ժամադրութեան մը համաձայն  ժամը՝ 11.00-ին ընդունուեցաւ Թուրքիոյ Արտաքին Գործոց Նախարար Մէվլիւտ Չավուշօղլուի կողմէ։

Սոյն այցելութեան Իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեան։

KHAJAG SRP ANKARA 2019

Շուրջ մէկ ժամուան մտերմիկ զրոյցի ընթացքին մեծայարգ Նախարարը յայտնեց, թէ Պետութիւնը տեղեակ է Պատրիարքական ընտրութեան անցուդարձերուն եւ կը հետեւի զարգացումներուն։ Համբերութիւն պահանջեց, որպէսզի բարւոք լուծում գոյանայ։

Պատուիրակութիւնը յետ միջօրէին վերադարձաւ Ստանպուլ։