ԵՐՈՒԱՆԴ ԶՕՐԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեան, 12 Յուլիս 2019, Ուրբաթ, ժամը 10.00-ին, ընդունեց Հայերէն Հեռակայ Թուային Կրթարանի Հիմնադիր Երուանդ Զօրեան, որ կու գար փափկավարական այցելութեան մը համար։

 

Յարգելի հիւրը եւ դուստրը եկած էին Ֆէրիգիւղի Թաղային Խորհուրդի ժրաջան անդամներէն Սարգիս Չավուշեանի առաջնորդութեամբ։ Անոնք զանազան տեղեկութիւններ փոխանցեցին նաեւ Հեռակայ Թուային Կրթարանի գործունէութեանց մասին, որ կը գործէ Հայ Բարեգործական Ընդհանուր Միութեան հովանաւորութեամբ։ Հիւրերը շնորհաւորեցին նաեւ Նորին Սրբազնութիւնը իր Տեղապահ ընտրութեան առթիւ։

2019 ZORYAN

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց սոյն այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։