ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ԱՐՔԵՊԻՍԿՈՊՈՍԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Համայնքային

Պատրիարքական Տեղապահի ընտրութենէն ետք, քոյր եկեղեցիներ եւս սկսան այցելութիւններ տալով շնորհաւորել Պատրիարքական նորընտիր Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանը։

 

Այսպէս անդրանիկ այցելութիւնը կատարեց Հայ Կաթողիկէ համայնքի վիճակաւոր Արհի. Տ. Լեւոն Արքեպս. Զէքիեանը, 17 Յուլիս 2019, Չորեքշաբթի, ժամը 10.00-ին, ընկերակցութեամբ Գերյ. Հ. Վարդան Ծ. Վրդ. Գազանճեանի եւ Գերյ. Հ. Աբրահամ Ծ. Վրդ. Ֆըրաթեանի եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Տեղապահ Սրբազան Հօր կողմէ։

2019 KERABAYZAR

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Գերապայծառ Տիրոջ սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց Աստուածահաճոյ ու եկեղեցանուէր բոլոր գործունէութեանց մէջ։