ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Եկեղեցական,Կրօնական

Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ծոցի Երկիրներու Ընդհանուր Քարտուղար Հրայր Ճէպէճեան 9 Յուլիս 2019, Երկուշաբթի, Ժամը 14.00-ին ընկերակցութեամբ Սուրբ Գրոց Ընկերութեան Ստանպուլի Տնօրէն Թամար Քարասուի այցելեց Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս. Մաշալեանի կողմէ։

HRAYR CEBECYAN

Այցելուները եկած էին քաղաքավարական այցելութեամբ եւ շնորհակալութիւն յայտնեցին ու տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց գործունէութեանց մասին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց իրենց գործունէութեանց մէջ։