ՃՇԴՈՒՄ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Միջեկեղեցական,Փաստաթուղթեր

Յետեւեալ ճշդումը ուղարկուած է նաեւ Մարմարա Օրաթերթի առ ի հրատարակութիւն

Պատրիարքական Աթոռի Դիւանը ցաւով տեղեկացաւ Մարմարա Օրաթերթի 3 Փետրուար 2020, Երկուշաբթի օրուան թիւին մէջ լոյս տեսած «Պատրիարքարանը երէկ փայլեցաւ իր ընդվզեցուցիչ բացակայութեամբ» խորագրեալ գրութեան պարունակութեան։

Նախ եւ առաջ կը շեշտենք, թէ Տիար Ռ. Հատտէճեանի մտաւորական անձնաւորութեան եւ գրական արժանիքին մասին ոչ մէկ կասկած խնդրոյ առարկայ է Պատրիարքարանէն ներս։ Արդէն իսկ Պատրիարքական Աթոռը իր անվերապահ գնահատանքը յայտնած է անցեալին, մեր Երանաշնորհ նախորդին՝ Մեսրոպ Պատրիարքի ձեռամբ։

Պատրիարքական Աթոռը հետեւելով միջեկեղեցական առողջ գործակցութեան սկզբունքներուն, իր բարւոք յարաբերութիւնները պահած է ու կը պահէ քոյր Հայ Կաթողիկէ համայնքի նուիրապետութեան հետ։

Հայ Կաթողիկէ համայնքի նուիրապետութիւնը բնականաբար արտօնութիւն ստանալու պէտքը չունի իր կողմէ արժանի նկատուած Հայ համայնքի պատկանող անձ մը մեծարելու համար, ինչպիսին էր հոգելոյս Արա Կիւլէրի պարգեւատրման պարագան, Յիսուս Փրկիչ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ, որուն մասնակցութիւն բերած էր Պատրիարքական Աթոռը իր ներկայացուցիչով։

Ն. Ա. Տ. Սահակ Ս. Պատրիարքի եւ Հայ Կաթողիկէ համայնքի Վիճակաւոր՝ Արհի. Տ. Լեւոն Ս. Արքեպիսկոպոսի միջեւ առաջին իսկ մէկ օրէն գոյութիւն ունեցած սիրալիր յարաբերութեամբ զանազան առիթներով հանդիպումներ իրականացած են։ Նկատելով որ այս հանդիսութիւնը ծրագրուած էր իրականացնել Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իրաւասութեան սահմաններէն ներս գործող Ֆէրիգիւղի Սրբոց Վարդանանց Եկեղեցւոյ սրահին մէջ, տեղին պիտի ըլլար այս ուղղութեամբ նախօրօք խորհրդակցիլ Նորին Ամենապատուութեան հետ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրը նկատի ունենալով Պատրիարքական Աթոռի եւ քոյր Հայ Կաթողիկէ համայնքի միջեւ գոյութիւն ունեցած բարւոք յարաբերութիւնը եւ մեծարեալի գնահատելի վաստակը չէ կամեցած բացասական կեցուածք որդեգրել հանդէսի կապակցութեամբ, այլ պատշաճ դատած է անձնապէս չմասնակցիլ հանդիսութեան։ Բոլորովին սխալ ու անհիմն է Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր եւ հոգեւորականներու բացակայութիւնը որակել որպէս «պոյքոթ»։ Նորին Ամենապատուութիւնը այս ուղղութեամբ ոչ մէկ հոգեւորականի հրահանգած է որպէսզի բացակային այս հանդիսութենէն։

Պատրիարքական Աթոռը ի նշան սիրոյ այս առթիւ ուղարկած է ծաղկեկողով մը։ Բաց աստի Պատրիարքարանի Դիւանապետ Գերպ. Տ. Թաթուլ Ծ. Վրդ. Անուշեան, Աթոռի ենթակայ Գերշ. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի  հաղորդած է Պատրիարքական Աթոռի տնօրինութիւնը ի մասին ներկայացնելու Նորին Ամենապատուութիւնը։ Այս առումով ընդունելի չեն այն պնդումները ըստ որոնց անարգական եւ նախատական իմաստ կը վերագրուէր «պոյքոթ» որակուած խնդրոյ առարկայ բացակայութեան մասին։

Այս առթիւ կը հաղորդենք թէ Նորին Ամենապատուութեան հրաւիրագիր ուղարկուած է նամակատան միջոցաւ։ Իսկ եկեղեցւոյ քարոզիչ եւ Դիւանապետ Հայր Սուրբին հրաւիրագիրն ալ համացանցի միջոցաւ եւ ապա Ֆէրիգիւղի Եկեղեցւոյ քարտուղարութեան յանձնուելով, 30 Յունուար թուականին։ Հայր Սուրբը չէ կրցած մասնակցիլ նախօրօք քաղաքէ դուրս ապահովուած ժամադրութեան պատճառաւ։ Բաց աստի մեր հոգեւորական դասու անդամներէն ոչ մէկը հրաւէր ստացած է այս հանդիսութեան մասնակցելու համար։

Ժամադրութեան մասին եղած պարբերութիւնը եւս կը կարօտի ճշդումի մը։ Իրաւ է թէ ժամադրութիւն խնդրուած էր եւ Նորին Ամենապատուութեան ժամանակացոյցին համաձայն ժամադրութիւն մը տրուելու համար հեռաձայնային կապ հաստատուած էր Տիար Կարօ Համամճեանի հետ, որ տեղեկացուցած էր թէ Տիար Ռ. Հատտէճեան անհանգստութեան պատճառաւ պիտի չկարենար ներկայանալ։ Այս պատճառաւ  ժամադրութիւնը յետաձգուած էր անորոշ ժամանակաւ, նաեւ թելադրուելով թէ Տիար Հատտէճեան առողջութիւնը վերագտնելէ յետոյ կապ հաստատուէր Աթոռին հետ նոր ժամադրութիւն մը ճշդելու համար։

Դիւանս այս առթիւ իբրեւ վերջաբան կու գայ յայտնել թէ Պատրիարքական Աթոռը հանդէսի մը փառքը եւ կամ փայլը աւելցնելու առաջադրութեամբ ներկայ չի գտնուիր։ Երանի թէ պատշաճութիւնները յարգուած ըլլային եւ Նորին Ամենապատուութիւնը այս հանդէսը պատուէր իր բարձր ներկայութեամբ։

Այս առթիւ Նորին Ամենապատուութիւնը անգամ մը եւս կը շնորհաւորէ մեծարեալը եւ իրեն կը մաղթէ քաջառողջ կեանք ու բեղուն գործունէութեան շարունակութիւն ի փառս Մեսրոպեան Տառին եւ մեր մշակոյթին։

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ