ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Այսու մեր համայնքի անդամներուն ուշադրութեան կը յանձնենք, թէ

 

  1. Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Հոգեւոր Հովիւ՝ Հոգշ. Տ. Մաղաքիա Աբղ. Պէսքիսիզեան մեկնած է բանակ՝ զինուորական ծառայութեան համար։ Այս պատճառաւ, յիշեալ Եկեղեցւոյ մէջ արարողութիւն տեղի պիտի չունենայ մինչեւ 22 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի։

 

  1. Աղթամարայ Ս. Խաչ Եկեղեցւոյ ուխտագնացութեան առթիւ հետեւեալ Եկեղեցիներուն մէջ արարողութիւններ տեղի պիտի չունենան 8 Սեպտեմբեր 2019, Կիրակի՝

ա. Գատըգիւղի Ս. Թագաւոր Եկեղեցի,

բ. Սկիւտարի Ս. Կարապետ Եկեղեցի,

գ. Գուրուչէշմէի Երեւման Ս. Խաչ Եկեղեցի,

դ. Թաքսիմի Ս. Յարութիւն Եկեղեցի։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ