ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային

Ներքին Գործոց Նախարարութեան Կողմէ մեզի յանձնուած 85. Թուրքիոյ Հայոց Պատրիարքի Ընտրութեան Հրանգի (Թալիմաթնամէ) վերաբերեալ Տեղապահի իմ կարծիքներս կ’ուզեմ բաժնել մեր հանրութեան հետ:

  1. Այս պետական Հրահանգով առանց պատրիարքի անցած 12 տարուայ շրջան մը վերջ կը գտնէ եւ մենք 21 տարիէ յետոյ ի վերջոյ պիտի կարողանանք ընտրել նոր պատրիարք մը ըստ մեր աւանդութեանց: Ասոր առթած դրական մթնոլորտը ես ալ գոհունակոթեամբ կը դիմաւորեմ ինչպէս մեր համայնքի բոլոր անդամները:

 

  1. «Հրահանգը» ընդհանուր առմամբ նախորդ Հրահանգներէն աւելի յստակ, շինիչ ու դրական երեւոյթ մը կը ներկայացնէ: Ընտրողներու եւ պատգամաւորներու տարիքը 18 ըլլալով կը ճշդուի ու պատգամաւորներու թիւը 89-էն 120-ի կը բարձրանայ: Շնորհաւորելի է այս դրական արդիւնքը, որ յաջողութիւնն է Նախաձեռնարկ Մարմնի, որ կրցաւ զուգահեռ գնահատելի աշխատանք տանիլ իշխանութիւններու հետ, որոնք ներկայացուած շատ մը փափաք ու պահանջներուն ընթացք տուին հասկացողութեամբ:

 

 

  1. «Հրահանգը» պատրիարքական թեկնածու ըլլալու պայմանները թէեւ կը ճշդէ 1863ի Հայոց Սահմանադրոթեան կանոններուն համաձայն՝ կը նշմարենք որոշ դժուարութիւններ ալ: Նախորդ Ընտրութեանց Հրանգներուն (1961, 1990, 1998) մէջ արտասահմանի «ի հօրէ Թուրք» եպիսկոպոսներուն ընտրուելու կարելիութիւնը այս անգամ տեղ չունի ներկայ Հրահանգին մէջ: Ի հարկէ, այս կացութիւնը պիտի աղքատացնէ ընտրութեան մթնոլորտը եւ մեր ժողովուրդը պիտի զրկուի աւելի ընդլայնուած թեկնածուներու ցանկով մը ընտրութիւն իրականացնելու կարելիութենէն: Նկատի առնելով որ հոգեւոր ճեմարան չունինք՝ սահմանափակ թիւով եկեղեցականներ ունեցող մեր Պատրիարքութիւնը ապագային մեծ դժուարութիւն պիտի կրէ պատրիարքի թեկնածու բարձրաստիճան եկեղեցականներ ճարելու մէջ:

 

  1. Անձնապէս թէեւ Տեղապահ եմ, սակայն եւ այնպէս պատրիարքական թեկնածուներէն մէկն եմ նաեւ: «Հրահանգը» այս վիճակով կը պարունակէ անարդար առաւելութիւն մը ի շահ իմ անձիս եւ մեր Աթոռի միւս եպիսկոպոսներուն: Խնդիր մը ունինք, բացայայտ է: Յարմարագոյն լուծումը գտնելու պարտաւորուած ենք պատմականօրէն: Սակայն անընդունելի է որ անձնապէս առանձին ստանամ այս խնդրյարոյց կէտին արժեւորումը եւ պատմական պատասխանատուութիւնը: Հարկաւոր է որ մեր պատասխանատու պատկան մարմիններով ամէն մակարդակի վրայ, յատկապէս Նախաձեռնարկ Մարմինով այս խնդիրը հարցաքննուի եւ վճռուի: Ես իբր Տեղապահ կը խոստանամ յարգանքով ընդունիլ ինչ որ կ’որոշուի եւ ըստ այնմ կատարել՝ ինչ որ պարտ ու պատշաճ է:

Սահակ Եպս. Մաշալեան

Պատրիարքական Տեղապահ