ՅԱՅՏԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Այսօր, Ստանպուլի մէջ պատահած երկրաշարժի առիթով մեր համայնքին եւ բոլոր Ստանպուլցի համաքաղաքացիներուն «անցեալ ըլլայ» կ՚ըսենք։ Ցարդ, վնասի, բլուզման եւ վիրաւորման մասին որեւէ տեղեկութիւն մը չէ հասած Պատրիարքական Աթոռին, ինչ որ ուրախացուցիչ պարագայ մըն է։

 

Տէր Աստուած, Ստանպուլ քաղաքը եւ բոլոր բնակիչները աւելի լուրջ աղէտներէ հեռու պահէ։ Նման պարագաներ յատուկ պահեր են, որոնք մեզի կը յիշեցնեն մեր ի ձեռին ունեցածներուն արժէքը։ Եկէ՛ք, մեր աղօթքները բազմացնենք, սէրը առատացնենք եւ իրարու աւելի սերտօրէն բարինք։

 

Հայրական մեր աղօթքները, միացած ձեր աղօթքներուն, կ՚առաքենք առ բարձրեալն Աստուած, եւ ի մասնաւորի կը խնդրենք քաղաքաշինութեան օրերուն որպէս պաշտպան հրչակուած՝ Ս. Կոյս Մարիամ Աստուածամօր բարեխօսութիւնը եւ հովանին։

 

«Ահա քեզի կը պատուիրեմ, զօրացի՛ր ու քաջասի՛րտ եղիր, մի՛ վախնար ու մի՛ զարհուրիր. քանզի քու Տէր Աստուածդ քեզի հետ պիտի ըլլայ, ուր որ երթաս» (Յեսու 1.9

 

Սահակ Եպսկ. Մաշալեան

Տեղապահ