ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀԱՅՐԸ ԸՆԴՈՒՆԵՑ ԼԱՔԻ ՎԻՆԿԱՍԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական,Համայնքային

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտեալ Պատրիարք Հայրը, 17 Յունուար 2020, Ուրբաթ ժամը 15.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց Վաքըֆներու Ընդհանուր Տնօրէնութեան մօտ փոքրամասնութեանց նախկին ներկայացուցիչներէն Լաքի Վինկասը։

Յարգելի հիւրը, փափաքն ունեցած էր անձամբ այցելել Պատրիարքարան, եւ շնորհաւորել Նորին Ամենապատուութիւնը։

2020 LAKI VINGAS

Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց քաղաքավարական այցելութեան համար։ Ինք եւս յիշեց մօտաւոր անցեալին տեղի ունեցած իր ջանքերը ու գնահատեց զինք։ Ան մաղթեց, որ Պատրիարքական ընտրութենէ յետոյ ծնունդ առած դրական մթնոլորտով  Հայ համայնքը առաւել եւս յաջողութեամբ շարունակէ իր պատմական ճանապարհին եւ այս մէկը նպաստէ բոլոր փոքրամասնութեանց։