«ՔՈՐՈՆԱ» ԺԱՀՐԻ ՅԱՌԱՋԱՑՈՒՑԱԾ ԸՆԿԵՐԱՅԻՆ ՎԻՃԱԿԻ ՄԱՍԻՆ

Kategori: Աշխարհական,Եկեղեցական,Համայնքային,Փաստաթուղթեր

Ծանօթ է թէ «Քորոնա» մահացու ժահրի վարակման տարածումը համաշխարհային չափանիշով դուռ բացած է ընկերային տագնապալի վիճակի մը։

 

Այս ուղղութեամբ արդէն իսկ պետութիւններ, առողջապահական միջազգային հաստատութիւններ, կրօնական հաստատութիւններ, վարակման տարածումը սանձահարելու առաջադրութեամբ իւրաքանչիւրը իր պատասխանատուութեան սահմաններուն մէջ իրեն վիճակած ազդարարութիւնները կ՚ընէ  նախազգուշական միջոցներու մասին հանրային կարծիքը լուսաբանելով։

 

Պատրիարքական Աթոռը իրեն համար պարտականութիւն կը նկատէ այս ուղղութեամբ իր թելադրական ազդարարութիւները ուղղել մերազն հաւատացեալ ժողովուրդին։

 

Թուրքիոյ պետական պատկան իշխանութիւնները եւ յատկապէս Առողջապահական Նախարարութիւնը իր մամլոյ զեկոյցներու միջոցաւ պէտք եղած նախազգուշական միջոցներու մասին լուսաբանած են ու կը շարունակեն լուսաբանել հանրային կարծիքը։

 

Առ այդ, մեր սիրելի ժողովուրդի զաւակներուն կը թելադրենք ամենայն բծախնդրութեամբ հետեւիլ եւ գործադրել պետութեան թելադրած պարտաւորութիւնները: Մենք այս առթիւ կու գանք յիշեցնել թէ վարակումը արգիլող ամենակարեւոր ազդակն է մաքրութիւնը։ Հաճեցէք այս տագնապալի շրջանին չձեռնուիլ եւ հեռու մնալ գիրկընդխառնուելով զիրար ողջունելու սովորութենէն։ Նաեւ կը թելադրենք եկեղեցւոյ շրջափակերէն ներս, նաեւ  արտաքոյ եկեղեցւոյ հեռու մնալ աջահամբոյրով յարգանք ցուցաբերելու աւանդութենէն։ Հաճեցէք հոգեւոր հայրերուն նկատմամբ ձեր ունեցած յարգանքը ցուցաբերել խոնարհութեան նշանով։

 

Այս տագնապալի շրջանին վարժարանները, ընդ որս մեր համայնքային վարժարանները ըստ Կրթական Նախարարութեան տնօրինութեան փակուած են։ Մեր համայնքային վարժարաններու պատասխանատուները վստահ ենք, թէ իրենց կարելին ի գործ կը դնեն պատկան իշխանութեանց թելադրութեանց զուգահեռ ընթանալով։ Մենք ալ մեր կարգին կը թելադրենք հականեխիչ միջոցներ ձեռք առնել ու նաեւ կատարեալ մաքրութեան հոգ տանիլ ու շէնքերը պատրաստ եւ մաքուր վիճակի մէջ պահել։

 

Մեր եկեղեցիներուն քարոզիչ եւ հոգեւոր հովիւներուն, համայնքային ու թաղային մարմիններուն կը թելադրենք մեր աղօթքի տուներէն ներս եւս հոգ տանիլ պէտք եղած մաքրութեան՝ հականեխիչ միջոցներով։

 

Այս առթիւ կու գանք հաղորդել թէ մեր աղօթքի տուները բաց են Աստուածային պաշտամունքի եւ կը շարունակուին եկեղեցական արարողութիւնները եւ Ս. Պատարագի մատուցումները բնականոն ընթացքով։ Մեր եկեղեցիները իրենց առաքելութիւնը կը շարունակեն, հաւատարիմ մնալով հաւատացեալ ժողովուրդին հոգեւոր կարիքը դիմագրաւելու կոչումին։ Սա կը կատարուի նաեւ յարգելով հաւատացեալ ժողովուրդի պաշտամունքի ազատութիւնն ու իրաւունքը։

 

Ամէն անոնք որոնք կը փափաքին մասնակցիլ Ս. Պատարագներուն ու այլ արարողութիւններուն բնականաբար ազատ են։ Միայն կ՚ուզենք մեր տարեց հաւատացեալ քոյրերուն ու եղբայրներուն թելադրել, որ այս տագնապալի շրջանին հեռու մնան բազմամարդ շրջանակներու մէջ գտնուելէ՝ նկատի ունենալով  առողջապահական պատասխանատուներու յիշեցումները։

 

Իբրեւ վերջաբան կ՚ուզենք յիշեցնել թէ իւրաքանչիւր անձ յատուկ ուշադրութեամբ պէտք է  հետեւի պատկան մարմիններու եւ մասնագէտներու թելադրանքներուն, թէ՛ իր եւ թէ՛ իր անմիջական շրջանակներու առողջութիւնը նկատի ունենալով։

 

Քրիստոսի Ս. Յարութեան տաղաւարի պատրաստութեան այս ապաշխարութեան շրջանին կ՚աղօթենք որ Աստուած աշխարհի ու տառապեալ շրջանակներուն պարգեւէ խաղաղութիւն։ Ամենայաղթ Սուրբ Խաչի Նշանին զօրութեամբ յաղթահարուին նեղութիւններն ու ցաւերը։ Աստուած առողջութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք կարիքն ունին առողջանալու եւ ազատելու այս ժահրի յառաջացուցած հիւանդագին վիճակէն։ Տէրը կարողութիւն պարգեւէ բոլոր անոնց, որոնք առողջապահական ոլորտէն ներս հաւատարմաբար կը ծառայեն հիւանդներու ցաւերը ամոքելու վսեմ առաքելութեամբ։

 

Աստուծոյ շնորհները, սէրը եւ ողորմութիւնը մեր բոլորին վրայէն անպակաս ըլլայ։ Ամէն։

 

ԴԻՒԱՆ ՊԱՏՐԻԱՐՔՈՒԹԵԱՆ