ՔՕԼՈՒՄՊԻԱ ՀԱՄԱԼՍԱՐԱՆԷՆ ՀԻՒՐԵՐ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՄԷՋ

Kategori: Աշխարհական

Ն.Ա.Տ. Սահակ Բ. Ընտրեալ Պատրիարք Հայրը, 9 Յունուար 2020, Հինգշաբթի, ժամը 13.00-ին, Պատրիարքարանի մէջ ընդունեց, Նիւ Եորքի Քօլումպիա Համալսարանէն աշակերկաց խումբ մը։

2020 COLUMBIA UNV

Անոնք Հայ համայնքի եւ Հայ Եկեղեցւոյ մասին հարցումներ ուղղեցին Նորին Ամենապատուութեան եւ հակիրճ տեղեկութիւններ ստացան։ Պատրիարք Հայրը, մասնաւորապէս անդրադարձաւ Պատրիարքական Աթոռոյ առաքելութեան մասին, շեշտելով՝ որպէս Նուիրապետական Աթոռ Հայ Եկեղեցւոյ անդաստանէն ներս անոր կարեւորութիւնը։