ՄԱՔՐՈՒՀԻ Պ.ՅԱԿՈԲԵԱՆԻ ԱՅՑԸ

Kategori: Uncategorized

Մարմարա Օրաթերթի նախկին փոխ խմբագրապետուհի եւ կրթական մշակ՝ Օր. Մաքրուհի Պ. Յակոբեան, 19 Սեպտեմբեր 2019, Հինգշաբթի, ժամը 10.00-ին, այցելութիւն մը տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Տեղապահ Բարձր. Տ. Սահակ Եպս.ի կողմէ։

 

Յարգելի հիւրը տեղեկութիւններ փոխանցեց իր գործունէութեանց մասին եւ ի միջի այլոց ըսաւ, թէ հրաւիրուած էր Միացեալ Նահանգներ, Հիւսիսային Ամերիկայի Արեւմտեան Թեմի կազմակերպութեամբ, ուր պիտի բանախօսէր «20-րդ դարի Հայ Եկեղեցւոյ նշանաւոր գործիչները» թեմայով՝ 8 Հոկտեմբեր 2019 թուականին «Շնորհք Պատրիարք»ի մասին։

2019 MAKRUHI

Նորին Սրբազնութիւնը իր ուրախութիւնը յայտնեց սոյն հրաւէրին համար եւ թելադրեց նաեւ, թէ ան իր գիտութիւնն ու փորձառութիւններն շարունակէր ի սպաս դնել մերազն ժողովուրդին։

 

Տեղապահ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց նաեւ սոյն քաղաքավարական այցելութեան համար եւ կարողութիւն ու յաջողութիւն մաղթեց իր բոլոր գործունէութեանց մէջ։