ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՆԵՐԿԱՅԱՑՈՒՑԻՉՆԵՐՈՒՆ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Cemaat

mihitaryanՄխիթարեան Վարժարանի Մատակարար Մարմնի ներկայացուցիչները, գլխաւորութեամբ Մխիթարեան Միաբանութենէն Գերյ. Հ. Յակոբոս Ծ. Վրդ. Չօփուրեանի եւ ատենապետ՝ Արման Քամարի, 10 Ապրիլ 2013, Չորեքշաբթի, ժամը 14.00-ին այցելեցին Պատրիրարքարան եւ ընդունուեցան Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։

Մատակարար Մարմնի ներկայացուցիչները Ս. Յարութեան Տաղաւարի առթիւ շնորհաւորեցին Նորին Սրբազնութիւնը եւ Մխիթարեան Վարժարանի գործունէութեանց եւ այժմու կալուածական աշխատանքներու մասին տեղեկութիւններ փոխանցեցին։ Համայնքային Վարչութեանց ընտրութիւնները աւելի կանոնաւորելու նպատակաւ կատարուած փոփոխութեան աշխատանքներու ծիրէն ներս յայտնեցին իրենց տեսակէտերը։ Ուստի անոնք յիշեցուցին թէ՝ կանոնագրութեան մէջ Հայ Կաթողիկէ Համայնքի հետ առնչուած յօդուածներ եւս պէտք է ըլլային եւ խնդրեցին թէ նկատի առնուէր Հայ Կաթողիկէ համայնքի տեսակէտերը։

Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Սրբազան Հայրը սիրով ընդառաջեց եղած խնդրանքին։ Շեշտեց թէ, առանց Հայ Կաթողիկէ համայնքի ներկայութեան, աշխատանք մը արդէն իսկ թերի պիտի ըլլար։ Ուստի գնահատեց անոնց որ յայտնեցին իրենց գաղափարները եւ ընտրողական աշխատանքներու նկատմամբ իրենց տեսակէտը։ Նորին Սրբազնութիւնը, կարողութիւն եւ յաջողութիւն մաղթեց Մխիթարեան Վարժարանի Մատակարար Մարմնի ներկայացուցիչներուն իրենց գործունէութեանց մէջ։