ԱՀՄԷՏ ԱՊՊԱՍՕՂԼՈՒԻ ԱՅՑԵԼՈՒԹԻՒՆԸ

Kategori: Աշխարհական

alevi chpԱլէվի Մշակութային Միութեանց Պաքըրգիւղի Մասնաճիւղի Նախագահ Իսմէթ Ապպասօղլու, ընկերակցութեամբ ՃՀԲ-ի Ստանպուլի շրջանային վարչութեան ատենապետի օգնական՝ Էքրէմ Արսլան, ՃՀԲ-ի Ստանպուլի շրջանային վարչութեան ատենապետի օգնական՝ էսին Կիւնէշ Էրքօնաք եւ Պաքըրգիւղի քաղաքապետի օգնական Մարկարիթ Տիքմէի, 26 Հոկտեմբեր 2015, Երկուշաբթի, քաղաքավարական այցելութիւն տուաւ Պատրիարքարան եւ ընդունուեցաւ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպս. Աթէշեանի կողմէ։