kutuphane
Մատենադարանի շէնքը առաջին անգամ կը կառուցուի 1963ին, Շնորհք Պատրիարքի շրջանին, Պոլսոյ թաղային խորհուրդներու նուիրատուութեամբ, որպէս դիւանատուն։ Նորակառոյց շէնքը առաջին անգամ Գալուստ Կիւլպէնկեան Հիմնարկի նիւթական աջակցութեամբ կը կահաւորուի, ուր կը տեղադրուի հնատիպ գիրքերու հաւաքածոն։

Պատրիարքական Աթոռի Մշակութային Խորհրդական Տիար Գէորգ Բամպուքճեանի ջանքերով հնատիպ գիրքերու առընթեր, այլ գիրքեր եւս կը դասաւորուին եւ շէնքը տակաւ առ տակաւ հարստանալով մատենադարանի մը կը վերածուի։

Պատրիարքարանի մէջ, Պատրիարաքական պաշտօնասենեակին կից կը գտնուէին երկու անջատ գրադարաններ, որոնք կազմուած էին Մեսրոպ, Գարեգին Ա., Շնորհք Ա. եւ Գարեգին Բ. պատրիարքներու անձնական գիրքերէն։

Պատրիարքարանի պատմական շէնքին նորոգութեան նախօրեակին, Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի տնօրինութեամբ Մատենադարանի շէնքը ընդհանուր բարեզարդութեան ենթարկուեցաւ եւ Տիար Մասիս Պալեանի նուիրած նոր դարակներով կահաւորուեցաւ։ Ապա պատմական շէնքի գրադարաններու պարունակութիւնը փոխադրուելով այստեղ, բոլորը իրար ընդելուզուեցան եւ կազմեցին այսօրուան Մատենադարանը։

Պատրիարքարանի Մատենադարանը կոչուեցաւ Հայ եկեղեցւոյ պատմագրութեան մեծ երախտաւոր եւ Ս. Աթոռոյս երանաշնորհ գահակալներէն Մաղաքիա Պատրիարք Օրմանեանի անուամբ (2004)։

Մատենադարանի դասաւորումը կը շարունակուի։