Ս. Թագաւոր Եկեղեցի, Գատըգիւղ

Հասցէ
(Muvakkithane Cad. No: 44/1, 34710 Kadıköy)
Հեռ.՝ (0216) 336-0166
Ֆաքս՝ (0216) 337-4789
Ել-նամակ՝ surptakavor@ttmail.com

Այս եկեղեցւոյ առաջին յիշատակութեան կը հանդիպինք 1722ին։ Եկեղեցին նախապէս կոչուած է Սուրբ Աստուածածին։ Աբրահամ Պատրիարքի շրջանին եկեղեցին վերաշինուեցաւ Յարութիւն Ամիրա Նորատունկեանի բարերարութեամբ, բացումը կատարուեցաւ 1814ին։ 1840ին, երկրաշարժէն ետք նորոգութեան մը ենթարկուեցաւ։

1855ին հրոյ ճարակ դարձած եկեղեցին քարուկիր կերպով վերակառուցուեցաւ Յակոբ Պատրիարքի օրով եւ Էրզրումցի Հաճի Կարապետ Աղա Մուրատեանի ծախքով։ Եկեղեցին յետ այսորիկ կոչուած է Սուրբ Թագաւոր եւ բացումը կատարուած՝ 1858ին։ Նոյն տարին եկեղեցւոյ բակին մէջ հիմնուեցաւ Համազասպեան Վարժարանը, նաեւ Մուրատեան աղջկանց վարժարանը։ 1936ին Յովհաննէս Նորատունկեանի բարերարութեամբ եկեղեցւոյ գաւիթի մասը ընդլայնուած է։ Վերջին տարիներուն եկեղեցւոյ մուտքի մասը ծածկուեցաւ փայտաշէն տանիքով ու երեք կողմէ ալ գոցուեցաւ ապակիով, բարերարութեամբը Հերման Թիւրքմէնի։

Վերջին անգամ նորոգութիւն տեսած է 2006ին։ Օծումը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ Ամեն. Տ. Մեսրոպ Բ. Պատրիարքի։ 2007ին ի հիմանէ վերակառուցուեցաւ եկեղեցւոյ զանգակատունը։

Եկեղեցւոյ վերջին նորոգութիւնը կատարուած ու պաշտամունքի վերաբացուած է 2011 թուականին, ձեռամբ Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Ս. Արքեպիսկոպոսի։ Նոյն առթիւ Եկեղեցւոյ գաւիթին մէջ կանգնուած են երկու սեղաններ՝ յանուն Ս. Ստեփանոսի եւ յանուն Ս. Քառասնից Մանկանց։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ երկու զատ դամբարաններու մէջ թաղուած են եկեղեցւոյս վերաշինութեան բարերար Կարապետ Մուրատեան եւ իր կողակիցը՝ Խաթուն Մուրատեան։

Քարտէս