Գերեզմանատուներ

mezarliklarՊոլսահայերը վաղուց թաղած են իրենց ննջեցեալները եկեղեցիներու շուրջ գտնուող գերեզմաննոցներու մէջ։ Երբ 1560-ին Պոլսոյ մէջ պատահած ժանտախտի համաճարակը հազարաւոր մարդոց մահուան պատճառ հանդիսացաւ, այս հիւանդութեան վարակումը կանխելու համար, կառավարութիւնը այլեւս եկեղեցիներու շուրջը կամ մօտը մեռելներու թաղումը արգիլեց։ Այդ պատճառաւ հայերը իրենց գերեզմանատունը հիմնեցին այժմ Հարպիյէյի զինուորական թանգարանին (նախկին զօրանոց) վայրին հարաւային կողմը։ Այս վայրերը 1560-էն մինչեւ 1865 գործածուեցան որպէս գերեզմանատուներ։

Երեք դարերու ընթացքին քանի բազմացաւ Պոլսոյ բնակչութիւնը եւ քաղաքը ընդարձակուեցաւ բնակարաններով, խանութներով ու գործատեղիներով, գերեզմանատուներն ալ մնացին անոնց մէջտեղ։

1865ին, երբ ժանտախտը կրկին սարսափ պատճառեց Պոլսոյ բնակչութեան, կառավարութիւնը բնակարաններու մօտ գտնուող գերեզմանատուներու մէջ ննջեցեալներու թաղումը վտանգաւոր նկատեց։ 1865էն ետք կառավարութեան կողմէ Յոյն եւ Հայ հասարակութեան համար Շիշլիի վերի կողմերը տրամադրուեցան գերեզմանատուն կառուցանելու յարմար ընդարձակ գետիններ։

Ըստ պատմական տուեալներու, Հայ Առաքելական համայնքը ունեցած է 23 գերեզմանատուներ, որոնցմէ 16ը միայն գոյութիւն ունին այսօր։