ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ ՇԷՆՔԸ

patrikhane-binasi

Յովակիմ Պատրիարք իր աթոռը հաստատեց 1461ին Սամաթիոյ Բիւզանդական վանքի մը համալիրին մէջ։ Յովակիմ Պատրիարքէն ետք մինչեւ Դաւիթ Ա. Արեւելցի քսան պատրիարքներ գահակալած են Սամաթիոյ մէջ։ 1641ին Դաւիթ Ա. Արեւելցին Պատրիարքական Աթոռը վերջնականապէս կը փոխադրէ Գումգաբու, ուր մինչեւ այսօր կը շարունակէ գոյատեւել որպէս հոգեւոր կեդրոնը Թուրքիոյ Հայ համայնքին։ 1718ին, Յովհաննէս Կոլոտ Բաղիշեցի Պատրիարքի շրջանին, երեսունեւչորս ժամ տեւող հրդեհի մը հետեւանքով Եկեղեցին ու Պատրիարքարանը հրոյ ճարակ կը դառնան։ Սակայն, կարճ ժամանակի մէջ կը վերակառուցուին։ 1820ին կրկին հրոյ ճարակ կը դառնայ եւ երկրորդ անգամ կը վերակառուցուի ճարտարապետ Յովհաննէս Սէրվէրեան Աղայի կողմէ։ 1826ին դարձեալ հրոյ ճարակ դարձած Պատրիարքարանը 1828ին երրորդ անգամ կը վերակառուցուի արքունի ճարտարապետ Գրիգոր Ամիրա Պալեանի եւ Կարապետ Տէօվլէթեանի կողմէ։ Ի վերջոյ Պատրիարքարանի ներկայ շէնքը 1913ին կը վերակառուցուի Յովհաննէս Արշարունի Պատրիարքի շրջանին, Գրիգոր Մելիտոսեանի ճարտարապետութեամբ։

Ներկայ շէնքը, որ մօտ 90 տարի ծառայեց, Մարմարայի շրջանի մեծ երկրաշարժին (17 Օգոստոս 1999) ցնցուելով վնասուեցաւ։ Պետական հրաման խնդրուեցաւ շէնքը նոյն ոճով ի հիմանէ վերակառուցելու նպատակաւ, սակայն մերժուեցաւ։ Որպէս միակ ճառ յարմար տեսնուեցաւ նորոգութեան ճամբու դիմել։ Նորոգութեան մեծ աշխատանք տարուեցաւ եւ շուրջ երեք տարուան ընթացքին Պատրիարքարանը, հանդերձ համալիրով գրեթէ ի հիմանէ վերանորոգուեցաւ։ Ամեն. Ս. Պատրիարք Հայրն ու դիւանը 2004 թուականի աշնան փոխադրուեցան Պատրիարքարան։