ԿԵՆՍԱԳՐՈՒԹԻՒՆ
Ն.Ա.Տ. ՍԱՀԱԿ Բ. ՊԱՏՐԻԱՐՔ ՀՕՐ

Աւազանի անունով Շահին (Մաշալը), ծնած է 17 Մարտ 1962ին, Պայ­րամ­փաշա (Ստանպուլ)։ Որդին է Յակոբճանի եւ Արմինէ Էօզ­տէմիրի։ Կը մկրտուի Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Աւե­տարանիչ Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Դաւիթ Աւ. Քհնյ. Երէցեանի, 15 Դեկ­տեմ­բեր 1969ին։

Կ՚ուսանի Գումգաբըի Թեվֆիք Քութ Նախակրթարանի, Կե­տիկ­փաշայի Պետական Միջ­նա­կարգ վարժարանի եւ Պա­քըր­գիւղի պետական լի­սէ­ին մէջ։ 1979ին մուտք կը գործէ Ստան­պուլի Թէքնիք Համալսարանի Ելեկ­տրական Ճարտա­րա­գի­տու­թեան եւ Հա­ղոր­դակ­ցական Ճարտարա­գի­տու­թեան Բաժինը։

1982ին որոշելով հոգեւորական դառնալ, կը թողէ համալսա­րա­նը եւ 20 տարեկանին կը սկսի Հայերէն սորվիլ։ Ստան­պուլ Համալսարանի Գրա­կա­նութեան ֆաքիւլթէի Իմաս­տա­սի­րութեան Բաժ­նի ուսանողութեան շրջանին (1983-1987), Շնորհք Պատրիարք զինք կ՚ընդունի որպէս տիրացու։ Հա­մա­լսա­րանի ուսման կողքին, մասնաւոր դասեր կ՚առնէ Հայ լեզուի, ծի­սա­գի­տու­թեան, Եկե­ղեցւոյ Պատմութեան եւ Վար­դա­պե­տութեան մա­­սին եւ այսպէս կը սկսի պատրաստուիլ հոգեւորակա­նու­թեան։

1981ի աշնան կը փափաքի աւելի մօտէն ճանչնալ Հայ Ե­կե­ղեցին եւ այս առումով կը հետեւի քարոզութեանց։

Զինուորական պարտականութիւնը կը կատարէ Քեաղըթ­հա­նէի (Ստան­պուլ) եւ Թաթ­վանի (Պիթլիս) մէջ, 1988-1989 շրջանին։

Դպրութեան չորս աստի­ճան­նե­րը կը ստանայ 30 Հոկտեմբեր 1983ին, Շնորհք Պատրիարքէ, Ս. Աստուա­ծածին Աթոռանիստ Մայր Եկեղեցւոյ մէջ, Ռոյ Քիւչիւքաթէշի հետ։ Ուրար կրելու ար­տօ­նու­թիւնը կը ստանայ 24 Հոկ­տեմբեր 1985ին, Սկիւ­տարի Ս. Կարապետ Եկեղեցւոյ մէջ, Նորայր Տաղլար­եանի եւ Ռոպէր Քիւ­չիւք­աքպուլութի հետ, իսկ սար­կա­ւագ կը ձեռ­նադրուի 3 Օգոստոս 1986ին, Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լու­սա­ւորիչ Եկե­ղեց­ւոյ մէջ, Շնորհք Պատ­րի­արքի ձեռամբ, Նորայր Տաղ­լար­եանի եւ Ռո­պէր Քիւ­չիւք­աք­պու­լութի հետ։

Պագըրգիւղի Ծնունդ Սուրբ Աստ­ուա­ծած­նի Եկեղեցւոյ մէջ 1984-1988 շրջանին Պատրիարքական Աթոռոյ տնօրինութեամբ կը շա­րունակէ Մեսրոպ Վրդ. Մութաֆեանի ձեռնարկած ոչ-հա­յա­խօս տիկնանց ուղղեալ քարոզ­նե­րը։ Պատրիարքարանի մէջ պաշտօն կը ստանձնէ որպէս երա­խա­յից դաստիարակ։ 1986-1988 շրջանին կը վարէ Գնալը Կղզիի Ներ­սէսեան Դպրաց Դասու Տնօրէն Խորհուրդի ատենա­պե­տու­թիւնը։ Նոյն շրջանին կը ստանձնէ նաեւ Կէտիկփաշայի Ս. Յովհաննէս Եկեղեցւոյ մէջ քա­րոզելու պաշտօնը։

1989էն սկսեալ Աստուածաբանութիւն կ՚ուսանի Լոնտոնի Էլլըն Հոլ (Allen Hall) Գոլէճին մէջ, ուր կը հետեւի Պելճիոյ Լէօյֆըն (Leuven) Համալսարանի ծրագիրներուն։ 1994ին ընթացաւարտ կ՚ըլ­լայ տեղ գրաւելով պատուոյ ցու­ցա­կին մէջ, “Magna Cum Laude(Բարձր Պատուոյ) աստի­ճա­նով։

Անգլիոյ ուսման շրջանին, 9 Յուլիս 1992ին, Գարեգին Բ. Պատ­­րիարքի ձեռամբ կուսակրօն քա­հանայ կը ձեռնադրուի, Պէյ­օղ­լուի Ս. Երրոր­դու­թիւն Եկեղեցւոյ մէջ, վերակոչ­ուե­լով «Սահակ Աբե­ղայ»։

Ուսման համար կը մեկնի Տապլին՝ Իրլա­նտա (24 Սեպտեմբեր 1992)։ Վա­նա­կան կեանքը ճանչնալու համար, 1994ի ամրան վեր­ջա­ւո­րու­թեան կը մեկնի Երուսաղէմ, ուր կը մնայ 1994-1997 շրջանին։ Երուսաղէմի Թորգոմ Բ. Պատ­րի­ար­քի (Մա­­նուկեան) խրախոյսով, երեք տարի ժողովուրդին ուղղեալ Սուրբ Գիրքի սերտողութեան դասերը։ Կը ստանձնէ նաեւ Թարգ­ման­չաց Վարժարանի տեսչութեան եւ կրօնի ուսուցչութեան պաշ­տօն­ները։

Մագիստրոսութեան աշխատանք կը տանի Տապլինի մէջ, Յիսուս­եան­նե­րու Milltown Institute of Philosophy and Theologyի մօտ Հոգեւորութեան (Spirituality) ճիւղին մէջ (1997-1999), աւարտելով՝ «Հաւատքի եւ Բժշկութեան Հրաշքներ» գիտաշ­խա­տու­թիւնը (2000)։

Գնալը Կղզիի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ, Գումգաբու Դրսի Ս. Յարութիւն, Կէ­­տիկ­­փաշայի Ս. Յովհաննէս եւ Ղալաթիոյ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղե­ցի­­նե­րուն մէջ կը ծառայէ որպէս հոգեւոր հովիւ եւ քարոզիչ (1999-2005)։ Նոյն շրջա­նին փոխ-ատենապետն է Կրօնական Ժողովի։ Կը մասնակցի երկրէ ներս ու դուրս ժողովներու եւ բանախօսութիւններու, ներկայացնելով Պատրիարքական Աթոռը։ Պատ­րի­արքական Աթոռոյ պաշտօնաթերթ՝ «Լրաբեր»ի մէջ լոյս կը տեսնեն իր գրութիւնները։

Կը մեկնի Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածին եւ կը ստանձնէ Սեւանի Վազգէնեան, ապա Գէորգեան ճեմարաններու տեսչութեան պաշ­տօնները։ Կը վարէ Գէորգեան Աստուա­ծաբանական Ճե­մա­րանի դասախօսութեան, փոխ-տեսչութեան (2005-2011), երեք տարի ալ տեսչութեան պաշտօնները, նպաստելով աւելի քան 200 հոգեւորականի պատրաստութեան։

Դասախօսութեան եւ վարչական պաշտօններու կողքին, կը շա­րու­նակէ ծառայել որպէս քարոզիչ եւ հոգեւոր խորհրդա­կա­ն։

Կը պաշտպանէ «Հաւատք եւ հրաշք» աւարտաճառը եւ վար­­դապետական գա­ւա­զանի իշխանութիւն կը ստանայ 22 Ապրիլ 2006ին, Օշականի Ս. Մեսրոպ Մաշտոց Եկեղեցւոյ մէջ, ձեռամբ Շահան Արքեպս. Սվաճեանի։

Մայր Աթոռ Ս. Էջմիածնի մէջ եպիսկոպոս կ՚օծուի, ձեռամբ Գարեգին Բ. Կաթո­ղի­կոսի (24 Օգոստոս 2008)։

Շողակաթ TV-ի մէջ 2008-2010 շրջանին կը կատարէ «Աւետարանի Ու­սուցում» խորագրեալ հա­ղոր­դումներ, թիւով 72, որոնք եթերուած են Հայաստանի եւ սփիւռքի մէջ։

Կը վերադառնայ Ստանպուլ (2011) եւ կը դառնայ Պատրիարքական Աթո­ռոյս Միջեկեղեցական եւ Միջկրօնական Յա­րաբերութեանց Պատասխա­նա­տուն (2013)։ Այս առումով, գործօն դեր կը ստանձ­նէ Թուրքիոյ Եկեղեցի­նե­րու Հասարակաց Յանձնա­խումբի մէջ։ Այս յանձնաժողովը, եկե­ղեց­ւոյ ողջ պատմութեան մէջ առաջին անգամ, Կա­թո­ղիկէ, Ուղ­ղա­փառ եւ Բողոքական դաւանանքներու հասարակաց հաւատքը կ՚ամ­փո­փէ հատորի մը մէջ։ Յանձնաժողովի հետ միասին գրի կ՚առնէ «Հիմ­նական սկզբունքներով Քրիստոնէութիւն» անուն հատոր մը, որ կը թարգ­մանուի անգլերէնի։

Ս. Եկեղեցեաց քարոզչութեան առընթեր, կը պաշտօնավարէ Սա­հակեան-Նունեան Լիսէի մէջ, որպէս կրօնքի ուսուցիչ։

Մեսրոպ Բ. Պատրիարք Հօր վախճանումէն ետք, Եկեղեցականաց Հա­մա­գումար Ժողովի 4 Յուլիս 2019ի նիստին կ՚ընտրուի Պատրիարքական Տե­ղա­պահ։

Պատգամաւորական Ժողովի 11 Դեկտեմբեր 2019ի նիստին կ՚ընտրուի 85րդ Պատրիարք Հայոց Թուրքիոյ։ Կը գահակալէ 11 Յունուար 2020-ին։ Նոյն օր, Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի կոնդակով կը ստանայ Արքութեան պատիւ։

Թրքերէնի եւ Հայերէնի կողքին, քաջահմուտ է Անգլերէնի։ Սերտած է նաեւ Հին Յունարէն, Լատիներէն եւ Եբ­րա­յերէն։

Գրի կ՚առնէ Յովհաննէս Կոլոտ եւ Գրիգոր Շղթայակիր պատ­րի­արք­ներու կեանքերուն վրայ հիմնուած «Երկու Ուխտաւոր» կրօ­նա­պատ­մական վէպը, որ քանիցս տպուած է եւ ըն­դունուած՝ որպէս Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջմիածնի ամենա­սիրուած եւ ամենայաջող հրա­տա­րա­կու­թիւնը։