Ս. Կարապետ Եկեղեցի, Հերակլիոն, Կրէտէ

Հասցէ
Հեռ.՝ (+302-81) 0244-337

Եւրոպայի ամենէն հին հայկական եկեղեցիներէն մէկն է Կրէտէի Սուրբ Յովհաննու Կարապետ եկեղեցին, որ Բիւզանդական շրջանին կը կոչուէր Ս. Գէորգ։ 1669ին երբ կղզին գրաւուեցաւ Օսմանական Պետութեան կողմէ, եկեղեցին տրուեցաւ հայերուն, զոր կը գործածուի մինչեւ այսօր։

Եկեղեցւոյ բակը զետեղուած են մօտ 30 մարմարեայ դամբարանաքարեր, որոնք կը պատկանին 17րդ դարուն Կրէտէ գաղթած հայ ընտանիքներու։

Քաղաքի պարիսպէն դուրս կայ նաեւ Կրէտէի հայոց գերեզմանատունը, մօտաւորապէս 4000 քռ. մեթր տարածութեամբ։

Քարտէս