ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ Թ. ԿՈLՈՏ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ ԱՆՈՒԱՆ ԹԱՆԳԱՐԱՆ

Ն.Ա.Տ. Մեսրոպ Ս. Պատրիարք Հայրը տակաւին իր պաշտօնավարութեան առաջին օրերէն կը հաւատար, թէ հաւաքածոյ մը պէտք էր կազմուէր, որ պիտի բաղկանար Թուրքիոյ Հայ Եկեղեցիներու պատկանող գոյքերէն։ Սակայն, բաւարար պիտի չըլլար գոյգերու ցուցակ մը պատրաստել միայն, նաեւ հարկաւոր էր պատրաստել ցուցադրութեան կարելիութիւնները։

Պատրիարքարանի նորոգութեան աշխատանքները (2001-2004), որ մօտաւորապէս երեք տարի տեւեցին, առիթ ընծայեցին նաեւ այս հաւաքածոյի ծննդեան նախաքայլերուն։ Նորոգուած Պատրիարքարանի համալիրին մէջ աչքառու էր թանգարանի մը բացակայութիւնը։ Պատրիարքարանի շէնքին եւ համալիրին առընթեր, մաքրուեցաւ նաեւ պատմական շէնքին գետնայարկը, ուր յայտնաբերուեցան պատմական բաժիններ, որոնք ժամանակին գործածուած էին զանազան նպատակներով։ Այսպիսով, սոյն գետնայարկը մաս կազմեց Պատրիարքարանի համալիրին։ Գոյքերը սկսան հաւաքուիլ ու պատրաստուիլ ցուցադրութեան։

Ամեն. Ս. Պատրիարք Հօր փափաքով ու հրահանգով թանգարանի մը կազմութեան պարտականութիւնը յանձնուեցաւ Lուսարարապետ Գերշ. Տ. Արամ Ս. Եպիսկոպոսին։

golod2
golod3Lուսարարապետ Սրբազան Հայրը իրեն օգնական ունենալով Դիւանադպիր Բրշ. Վաղարշակ Սրկ. Սերովբեանը (Այժմ՝ Յովակիմ Աբեղայ) եւ Տիար Արսէն Եարմանը, ինչպէս նաեւ ապահովելով խումբ մը բարերարներու նիւթական աջակցութիւնը, լծուեցաւ աշխատանքի։ Հաւաքածոյի պատրաստութեան ընթացքին նիւթապէս եւ բարոյապէս սատար հանդիսացան նաեւ Արմենակ Քէօքճեան, Պետրոս Շիրինօղլու, Այտա Այվազ, Գէորգ Օգճու, Զատիկ-Բենիամին Թօքէր եւ Ճէզօ Թաշ։ Նախ սկսաւ սրբանկարներու եւ այլ նկարներու նորոգութեան գործը։ Պէտք է ըսել որ նկարները մեծաւ մասամբ անխնամ մնացած, սեւցած եւ վնասուած էին։ Նկարներու վեց ամսուան նորոգութիւնը կատարուեցաւ Յակոբ Էկոյեանի կողմէ։ Ապա ի մի հաւաքուեցան Պատրիարքարանիս մէջ ի պահ դրուած եկեղեցական իրեր, որոնք մի առ մի նորոգութեան ու մաքրութեան ենթարկուեցան։ Պատրաստուեցան ապակեայ մասնաւոր ցուցափեղկեր, ուր այժմ կը ցուցադրուին պատմական գոյքերը։

Աւելի քան մէկ տարուան աշխատանքէ ետք, Ամենապատիւ Ս. Պատրիարք Հայրը 10 Յունիս 2006ին թանգարանի դռները բացաւ հասարակութեան։

Թանգարանը ձօնուեցաւ Ս. Աթոռոյս երախտաշատ գահակալներէն Երանաշնորհ Յովհաննէս Թ. Պատրիարք Բաղիշեցի Կոլոտի անուան։

Բաց աստի, գրեթէ բոլոր անցքերուն եւ սենեակներուն մէջ ցուցադրուած իրեղէններով, Պատրիարքարանը մաս կը կազմէ այս թանգարանին։

Ի յիշատակ բացման, դրուեցաւ հետեւեալ յիշատակարանը.

 

 

 

ՀԱՍՏԱՏԵՑԱՒ ԹԱՆԳԱՐԱՆՍ
Ի ՀՈՎՈՒԱՊԵՏՈՒԹԵԱՆ
Ն.Ա.Տ. ՄԵՍՐՈՊԱՅ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻ

ԱՇԽԱՏՈՒԹԵԱՄԲ ԵՒ ՋԱՆԻՒՔ
ԳԵՐՇ. Տ. ԱՐԱՄԱՅ ԱՐՔԵՊԻՍԿ. ԱԹԷՇԵԱՆԻ

ՕԳՆԱԿԱՆՈՒԹԵԱՄԲ
ԲՐՇ. ՎԱՂԱՐՇԱԿ ՍՐԿ. ՍԵՐՈՎԲԵԱՆԻ

ԲԱՐԵՐԱՐՈՒԹԵԱՄԲ
ԱՐՍԷՆ ԵԱՐՄԱՆԻ
ԱՐՄԵՆԱԿ ՔԷՕՔՃԻԵԱՆԻ
ՊԵՏՐՈՍ ՇԻՐԻՆՕՂԼՈՒԻ
ԱՅՏԱ ԱՅՎԱԶԻ
ԳԷՈՐԳ ՕԳՉՈՒԻ
ԶԱՏԻԿ-ԲԵՆԻԱՄԻՆ ԹՕՔԷՐԻ
ՃԷԶՕ ԹԱՇԻ

ՅԱՄԻ ՏԵԱՌՆ ՌՆԾԵ (2006)

Հաւաքածոյին մաս կը կազմեն ԺԸ. Դարէն մինչեւ այսօր երեք հարիւրէ աւելի իրեղեններ, որոնց կարեւոր մէկ մասն է եկեղեցական ու արարողական գոյքեր։ Կարելի է թուել խաչեր, շքանշաններ, ասաներ, մասունքներ, սրբանկարներ, բուրվառներ, աղաւնիներ ու միւռոնի կազմածներ, սկիհներ, ծնծղաներ, զգեստներ, ոսկեթել ու արծաթաթել ուսանոցներ եւ թագեր։ Ինչպէս նաեւ՝ ձեռագիր Սուրբ Գիրքեր եւ իւղաներկ պաստառներ։ Զանազան բարերարներու քով գտնուող թանկարժէք իրերու նուիրատուութեամբ  հաւաքածոն տակաւ կը հարստանայ։  Ընդլայնումի գործին առընթեր նպատակ ունինք սոյն հաւաքածոն ծանօթացնել նաեւ լայն հասարակութեան։ Կը փափաքինք մեր ձայնը լսելի դարձնել համայնքիս բոլոր անդամներուն՝ ծանօթացնելու համար Հայ Եկեղեցւոյ հնամեայ ու հարուստ պատմութիւնը, նաեւ ցուցադրելու՝ արուեստագէտներու վարպետութեան պանծալի արդիւնքները։

Յատկապէս կ՚արժէ շեշտել, թէ 2010 թուականին մշակութային ու կրօնական բնոյթ ունեցող այս հաւաքածոն ենթարկուեցաւ վերադասաւորման։ Սոյն նպատակաւ ցուցափեղկերը կրկին դասաւորուեցան։ Այս ուղղութեամբ, Յովհաննէս Թ. Կոլոտ Պատրիարքի անուան թանգարանի պաշտօնական բացման մեծագոյն սատարողը հանդիսացաւ Ստանպուլ 2010 Եւրոպայի Մշակոյթի Մայրաքաղաք ծրագիրը։ 20 Դեկտեմբեր 2010 եւ 14 Փետրուար 2011 թուականներուն միջեւ պատմաբաններ, թանգարաններու տնօրէններ ու պատասխանատուներ, մտաւորականներ, ակադեմականներ, քրոնիկագիրներ եւ մամլոյ ներկայացուցիչներ այցելեցին սոյն հաւաքածոն։
Թէեւ թանգարանը կարելի է այցելել, սակայն կը թելադրուի Յովակիմ Աբղ. Սերովբեանէ նախապէս ժամադրութիւն ապահովել ու այցելել Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, աշխատանքային ժամերուն։