Կեդրոնական Վարժարան, Ղալաթիա

(Kemeraltı, Sakızcılar Sok. No: 9, 34425 Karaköy)
Հիմնադիր՝ Կարպիս Պալմումճու Տնօրէն՝ Սիլվա Գույումճեան-Մարկոսեան
Հեռ.՝ (0212) 244-0503 , (0212) 243-0259 Ֆաքս՝ (0212) 251-0514
Ել-նամակ՝ getronagan@getronagan.k12.tr Կայքէջ՝ http://www.getronagan.k12.tr/

Ներսէս Պատրիարք Վարժապետեանի յատուկ ջանքերով հիմնուած է վարժարանը, որուն շէնքը թէեւ կառուցուած է Ներսէս Պատրիարքի շրջանին, սակայն թէ նիւթական եւ թէ վարչական հարցեր պատճառ եղած են, որ Ներսէս Պատրիարք չկարենայ վայելել վարժարանը բացուած տեսնելու ուրախութիւնը։ Վարժարանը իր ուսումնական առաքելութեան ձեռնարկած է 14 Սեպտեմբեր 1886ին, Յարութիւն Պատրիարք Վեհապետեանի շրջանին։ Թաղը, ուր կը գտնուի վարժարանը, քիչ թիւով հայ բնակիչներ ունեցած էր եւ հեռաւոր թաղերու ուսանողներ եկած ու կեդրոնացած էին այս դարաւոր կրթական յարկին երդիքին տակ։ Արդէն իսկ ի սկզբանէ վարժարանը սահմանուած էր Կեդրոնական Վարժարան ըլլալու, ուր պիտի կարենային զանազան թաղերու նախակրթարաններէն շրջանաւարտ յաջող աշակերտներ իրենց ուսումը կատարելագործել՝ յետագային ծառայելու համար որպէս ուսուցիչ Պոլսոյ եւ գաւառներու վարժարաններուն մէջ։ Վարժարանը միշտ յաջողագոյն լիսէներու շարքին տեղ գրաւելով հասցուցած է բազմաթիւ արժէքաւոր անհատներ, որոնք թէ Պոլսոյ եւ թէ արտասահմանի մէջ պատուաբեր պաշտօններու տիրանալով բարձր պահած են Կեդրոնականի անունը։

Այժմ, իբրեւ երկսեռ երկրորդական վարժարան, կը գործէ քառամեայ լիսէի բաժինով։