Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Գնալը Կղզի

Հասցէ
(Akgünlük Sok. No։ 10, 34977 Kınalıada)
Հեռ.՝ (0216) 381-4214։
բ. Պուրկազ Կղզիի համայնք։
գ. Հէյպէլի Կղզիի համայնք։
դ. Մեծ Կղզիի համայնք։

Այս քարուկիր եկեղեցւոյ հիմնարկէքը կատարուած է 1855ին։ Պաշտամունքի բացուած է 1857ին Յակոբ Պատրիարքի ձեռամբ։ Եկեղեցւոյ առաջին զանգակատունը կառուցուած է Պաղտասար Յակոբեանի բարերարութեամբ։
1988ին կը կառուցուի ներկայ զանգակատունը, նաեւ հիմնական բարեզարդման աշխատանքներով կը վերանորոգուի եկեղեցին։ Կը բաղկանայ մէկ աղօթատեղի եւ մէկ խորանէն, նաեւ երկու քովնտի մատուռներէ։ Թաղին առաջին քահանան եղած է Դիոնիսիոս Աւագ Քահանայ Ճիզմէճեանը, որ նահապետն էր գիւղի Հայ ժողովուրդին։ Եկեղեցին գլխաւորաբար ամառուան եղանակին հոգեւոր ծառայութիւն կը մատուցանէ հոծ թիւով հայերու, որոնք ամառուան շրջանին իրենց բնակութիւնը կը հաստատեն կղզիներու վրայ։ Այս եկեղեցւոյ մօտը կը գտնուի Պատրիարքարանի ամառանոցի շէնքը եւ Կազդուրման Կայանը։

Եկեղեցւոյ բակին մէջ թաղուած են՝
Դիոնէսիոս Աւագ Քահանայ Ճիզմէճեան
(առաջին Հոգեւոր Հովիւ Գնալը Կղզիի եկեղեցւոյ) 1856-1912,

Եկեղեցւոյ բարերարներ՝
Սարգիս Էֆէնտի Թաշճեան 1847-1907
Վերժին Թաշճեան (կողակիցը Սարգիս Էֆէնտիի), վախճանած 1935ին
Վիկտորիա եւ Կարապետ Փափազեաններ
Էրմէնեան ընտանիք

Քարտէս