Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցի, Գայսերի (Կեսարիա)

Հասցէ
(Cafer Bey Mah., Yeni Sok. No։ 5, 38050 Kayseri)
Հեռ.՝ (0352) 330-2608
Ել-նամակ՝ info@kayserikilisesi.org
Կայքէջ՝ http://www.kayserikilisesi.org

Կեսարիոյ ծանօթ առաջին հայ եկեղեցին կը յիշուի 1191 թուականին Ս. Գրիգոր անունով, որ իր գոյութիւնը պահած է մինչեւ ԺԷ. դար, որովհետեւ 1653ին կրկին կը յիշուի նոյնութեամբ։ Այս եկեղեցին է, որ դարերու ընթացքին վերաշինուելով ու վերանորոգուելով հասած է մինչեւ մեր օրերը։

Այս եկեղեցին, որ քայքայուած կամ քանդուած էր ԺԹ. դարու կէսէն առաջ, ի հիմանէ կը վերաշինուի 1859ին։ Այս կառուցման գործին մէջ կարեւոր դեր կը կատարէ Գէորգ Աղա Մընտիկեան, որ ամէն մարդէ սիրուած էսնաֆ մըն էր։ Ան, իր ընկերներով արդարութեամբ կը մատակարարէ եկեղեցին։ Իրեն գլխաւոր աջակից եւ նեցուկ կ՚ըլլան ամբողջ ապուխտի վաճառականները, ինչպէս նաեւ արհեստաւորներ եւ միջին դասակարգին պատկանող անհատներ, որ մեծ եռանդով կ՚աշխատին եւ կը յաջողին կարճ ժամանակի մէջ զայն ի գլուխ հանել։ Այս անձը կը մահանայ 1875ին եւ կը թաղուի եկեղեցւոյ բակը։ Իսկ ներքին ծեփն ու ոսկեզօծումը կը կատարուի 1903ին։

Ս. Lուսաւորիչ եկեղեցին կը նկատուէր ժողովրդական աղօթավայրը, մինչ Ս. Աստուածածին եւ Ս. Սարգիս եկեղեցիները կը նկատուէին քաղաքին ազնուապետական դասակարգին աղօթատեղիները։

Ա. Աշխարհամարտէն ետք եկեղեցւոյ մէջ նորոգութիւններ տեղի կ՚ունենան, իսկ 1919ին բարեսէր հայ մը 100 ոսկիի նուէրով Վարդավառի նախորդ Շաբաթ իրիկունը առաջին անգամ եկեղեցւոյ զանգակը կը հնչեցնէր՝ ժողովուրդին մէջ յառաջացնելով յուզման ալիք մը։

Ս. Գրիգոր Lուսաւորիչ Եկեղեցին կեդրոնական Անատոլուի միակ Հայ Եկեղեցին է եւ հետեւաբար հոգեւոր կեդրոնը՝ շրջանի բոլոր Հայ Քրիստոնեայ քաղաքացիներուն։

Եկեղեցին նորոգուած է 1996ին, բարերարութեամբ Կեսարացի Զատիկ եւ Բենիամին Թոքէր եղբայրներու։

Եկեղեցին վերջին անգամ նորոգուած է 2009ին եւ պաշտամունքի վերաբացուած է ձեռամբ, Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ՝ Բարձր. Տ. Արամ Արքեպիսկոպոսի։

Քարտէս