Դպրաց Դաս Երգչախումբեր

korolarԵկեղեցիներու մէջ կատարուած երգեցողութիւնները կը կատարուին դպրաց դասերու անդամներու կողմէ։ Եկեղեցիներու դպրաց դասերու պատմութիւնները կը կապուին եկեղեցիներու հիմնարկութեան թուականներուն, նկատելով որ իւրաքանչիւր եկեղեցււոյ մէջ երգող դպիրներ կը գտնուին պաշտամունքի բացուած առաջին իսկ մէկ օրէն սկսեալ։

Դպրաց Դասերու մէջէն կ՚ելլեն մեր երգչախումբերը, որոնք կը կատարեն Ս. Պատարագի բազմաձայն երգեցողութիւնները։

Դպրաց Դաս երգչախումբեր կը գործեն Պատրիարքական Աթոռի հոգեւոր իշխանութեան ներքեւ եւ համարատու են Պատկ. Կրօնական Ժողովին։ Դպրաց Դասերու գործունէութիւնները կը կառավարուին Թրքահայ Եկեղեցեաց Դպրաց Դասերու եւ Դպրաց Դաս Երգչխումբերու Կանոնադրութեամբ, որ բարեփոխուելով վաւերացուած է Գարեգին Բ Պատրիարք Հօր շրջանին եւ Պատկ. Կրօնական Ժողովի 27 Դեկտեմբեր 1991 թուակիր նիստին։ Իւրաքանչիւր դպրաց դաս եւ երգչնախումբ կ՚ունենայ իր Դպրապետը, նաեւ Տնօրէն Խորհուրդ, որուն նախագահը կ՚ըլլայ եկեղեցւոյ քարոզիչը կամ քարոզիչ չունեցող եկեղեցիներուն մէջ աւագերէցը կամ երէցը։

Դպրաց Դաս երգչախումբերը ամէն տարի Մեծ Պահոց ընթացքին կը գումարեն անդամական ընդհանուր ժողով։ Անդամական Ընդհանուր Ժողովը չորս տարին անգամ մը կը կատարէ դպրապետի ընտրութիւն, իսկ երկու տարին անգամ մը՝ Տնօրէն Խորհուրդի։ Իւրաքանչիւր անդամական ժողովին կը կատարուի գործունէութեան եւ հաշուական տեղեկատուութիւն։