«Լրաբեր»  Պոլսահայ Պատրիարքութեան

(Sevgi (Şarapnel) Sok. No: 6, 34130 Kumkapı)
Հեռ.՝ (0212) 517-0970, (0212) 517-0971
Ֆաքս՝ (0212) 516-4833
Ել-Նամակ՝ haybaddivan@gmail.com , haybadtivan@gmail.com
Կայքէջ՝ http://www.lraper.org , www.turkiyeermenileripatrikligi.com

Պատրիարքական Աթոռի պարբերական տեղեկատուն՝ «Լրաբերեր»ը լոյս տեսնել կը սկսի Յունուար 1996ին, Մեսրոպ Արքեպս. Մութաֆեանի (այժմ Մեսրոպ Բ. Պատրիարք), Արժ. Տ. Գրիգոր Քհնյ. Տամատեանի, Բրկ. Վաղարշակ Ուր. Դպ. Սերովբեանի եւ Պատրիարքարանի դիւանի աշխատողներու սիրողական աշխատանքով։ Քանի մը թիւ լուսապատճէնով հրապարակուելէ ետք կը սկսի տպագրութեան շրջանը։ Պարբերաթերթի առաջին արտօնատէրն է Գարեգին Բ. Պատրիարք, իսկ պատասխանատու խմբագիր կը կարգուի Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան։
«Լրաբեր»ին մէջ լոյս կը տեսնեն  պաշտօնական տեղեկատուութիւններ եւ Պատրիարքական Աթոռոյ ծանուցումներ։ «Լրաբեր»ը կը հրատարակուի երկլեզու՝ հայերէն եւ թրքերէն։ Յետագայ թիւերուն պարունակութիւնը կը զարգանայ կրօնական գիտելիքներով, քարոզներով եւ մշակութային գրութիւններով եւ ան ժողովուրդի կողմէ լայն ընդունելութիւն կը գտնէ։ Պատրիարքարանի պաշտօնէութեան առընթեր, պարբերաթերթին կ՚աշխատակցին նաեւ կամաւոր օժանդակողներ։
1999ին, «Լրաբեր»ի մէջ կը հրատարակուին միայն Պատրիարքական Աթոռոյ տեղեկատուութիւնները։ Նոյն տարւոյ ամրան «Լրաբեր»ի հրատարակութիւնը կ՚ընդհատուի եւ շրջան մը կը հրատարակուի համացանցի վրայ։ 2000ին կը շարունակուի պարբերաթերթի տպագրութիւնը։
2001ին արտօնատէր կը կարգուի Տրդատ Քհնյ. Ուզունեան, իսկ պատասխանատու խմբագիր՝ Վաղարշակ Կսրկ. Սերովբեան։ Սոյն թուականին կը զուգադիպի Հայոց Արքունիքին Քրիստոնէութիւնը պետական կրօնք հռչակելու1700-ամեակը։ Այս առթիւ  կը կատարուի գունաւոր տպագրութիւն։
2003ին կը հիմնուի www.lraper.org Հայերէն, Թրքերէն եւ Անգլերէն կայքէջը, ուր ընթերցողներ առիթը կ՚ունենան Պատրիարքական Աթոռոյ տեղեկատուութիւններուն հետեւիլ նաեւ համացանցի վրայ։
2006էն սկսեալ պարբերաթերթի պարունակութիւնը կը սահմանափակուի։ Կը հրատարակուին միայն քարոզներ եւ կիրակնօրեայ Ս. Գրային ընթերցումներ։ Սակայն Աթոռոյ տեղեկատուութիւնը կը շարունակուի հրատարակուիլ համացանցի վրայ։
2007ին կը դադրի «Լրաբեր»ի տպագրութիւնը եւ տեղեկատուութիւնները  կը շարունակուին հրապարակուիլ  համացանցի վրայ։ 2012ին, թէքնիք պատճառներով միջոց մը կը կասի տեղեկատուական աշխատանքը։
Դեկտեմբեր 2012ին «ֆէյսպուք» ընկերային համացանցի վրայ կը հաստատուի «Պատրիարքութիւն Հայոց – Ermeni Patrikliği» հասցէն, ուր կը շարունակուին հրապարակուիլ պաշտօնական տեղեկատուութիւնները։
Հետաքրքրուողներ կրնան այցելել www.lraper.org ը, տեսնելու համար հին լուրերը։
Պատրիարքական Աթոռոյ պաշտօնական տեղեկատուութիւններն ու այլ ծանօթութիւններ պիտի շարունակուին հրապարակուիլ սոյն նոր կայքէջի միջոցաւ։